*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Արուեստագէտներու եւ գրական դէմքերու փոխ-այցելութիւնները հայրենի եւ սփիւռքահայ մշակութասէր խաւին կու տան առաւել ջերմութիւն ու հոգեկան կորով: Այսպէս է, որ մեր ժողովուրդին զոյգ թեւերուն մօտ առաւել եւս կը մարմնաւորուին հայուն հայրենասիրական զգացումները: Մինչ գրականութեան ու թատրոնի ճամբով ան կը սահմանափակուի հայախօս սերունդներու դաստիարակութեան ծիրէն ներս, սակայն գեղարուեստի միւս մարզերը,- գեղանկարչութիւն ու քանդակ, երաժշտութիւն, երգ ու պարարուեստ,- ոգեղէն կամուրջներ կը հաստատեն հեռու՝ լեզուական պատնէշներէ եւ արգելքներէ:
Այս առումով գնահատանքի արժանի երեւոյթներ են քաղաքիս մէջ գործող մեր մշակութային միութիւններու եւ գեղարուեստի ցուցասրահներու կազմակերպած հանդիսութիւններն ու ցուցահանդէսները: Գնահատելի է մանաւանդ, երբ ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը կը ստանձնեն լիբանանցի պետական եւ բարձրաստիճան, կամ երեւելի անձնաւորութիւններ, ի ներկայութեան իրենց շրջապատի արուեստասէր դէմքերու:
Հայրենի վաստաւոր եւ ժողովրդական զոյգ կոչումներով մեզի կը ներկայանայ այսօր՝ գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեան (ծն. 1949, Սիսիան), հրաւէրովը տեղւոյս Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահի վարչութեան: Ցուցահանդէսը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Տըքուենիի քաղաքապետ Տիար Անթուան Շահթուրայի: Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Փետր. 2016-ի երեկոյեան, ի ներկայութեան հայրենի դիւանագիտութեան ներկայացուցիչ՝ դեսպան Ն. Վ. Աշոտ Քոչարեանի եւ ՀՀ Հիւպատոսին, արուեստագէտին, հոգեւոր առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ ներկայացուցչական բարձրաստիճան դէմքերու, արուեստագէտներու եւ լիբանանահայ արուեստասէր հրաւիրեալներու, որոնք բացման պաշտօնական ուղերձներէ ետք, ունեցան գեղագիտական խոր ապրումի պահեր, դիտելով հայրենի բնաշխարհի հարուստ գեղանկարները:
Ինչպէս ծանօթ է մեզի, վերջին կիսադարուն Հայրենիքէն Լիբանան տրուած այցելութիւնները մեծապէս հարստացուցին մեր հոգեկան աշխարհը: Սակայն Փարաւոն Միրզոյեան գեղանկարիչը առաջին անգամ ըլլալով կ՝այցելէ Լիբանան ու կը ներկայացնէ իր «Գոյներու աշխարհ Հայաստանը»:
Ամփոփելով մեր երկխօսութեան ընթացքին ունեցած իր արտայայտութիւնները, կ՝ընգծեմ հետեւեալ կէտերը-.
– Սկսած է գծել ու նկարել հինգ տարեկան հասակէն:
– Առաջին ցուցահանդէսով հանդէս եկած է 1965-ին:
– Սեն Փեթերսպուրկի Ռեփինի անուան Գեղարուեստից Ակադեմիան աւարտած է 1975-ին:
-Ունեցած է 12-է աւելի բարձրամակարդակ ցուցահանդէսներ:
-2002-էն ետք եղած է տնօրէնը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի:
-2014-էն ի վեր վարիչն է ՀՀ Խ. Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի Գեղարուեստի Ամպիոնին:
Իր կենսագրութիւնը հարուստ է բազմաթիւ բարձր պաշտօններով ու գործունէութեամբ:
Իր գեղանկարչութեան մէջ գերիշխողը եղած է գեղարուեստական զգացողութիւնը, որմէ ծնունդ առած է մտածումի եւ համալրումի իր կատարելապաշտ ձգտումը: Իր նկարչութիւնը կու գայ իր հոգիէն ու սիրտէն:
Պաստառադրումը իր մտայղացումին, գոյներու ընտրութիւնը կը կատարէ «սիրտի ու միտքի համերաշխութեամբ»:
Մեր զրոյցի աւարտին մեզի միացաւ նաեւ լիբանանահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան, որուն շնորհիւ աւելի ընդլայնեցաւ գեղագիտական հարցերու փոխ-ըմբռնողութիւնը:
Թէեւ առաջին հանդիպում՝ բայց մեր բարեկամութիւնը կը շարունակուի գեղարուեստի ճանապարհով: