*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Շաբաթ, 27 Փետրուար 2016ի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Պէվըրլի Հիլզի Հիլթըն շքեղաշուք պանդոկի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հիմնադրութեան պատուաբեր 40-ամեակը:
Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ու զանազան շրջաններէ պիտի ժամանեն Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ:
Այդ օր պիտի մեծարուի ու գնահատուի վարժարանի հոգաբարձութեան 25 տարիներու արտակարգօրէն նուիրեալ, տեսլապաշտ ու բառին պարզ, խորունկ ու դասական իմաստով վարժարանի ծանրակշիռ ղեկավարը՝ Սինան Սինանեան: Այդ առիթով Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարեխօսութեամբ, Տիար Սինան Սինանեան պիտի արժանանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին կողմէ սրբատառ Կոնդակի ու շքանշանի:
Վերջին յիսուն տարիներուն Երուսաղէմէն, Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Պոլիսէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն եւ Իրաքէն ու մանաւանդ Լիբանանէն, Պարասկաստանէն եւ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ Գերմանիայէն ու Պաքուէն մեծ թիւով հայեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եկան ու կայք հաստատեցին Գալիֆորնիա՝ յատկապէս Լոս Անճելոս քաղաքը:
Նոր գաղթականներու ժամանումով Լոս Անճելոսի հայութեան ազգային կեանքը աննկարագրելիօրէն աշխուժացաւ: Նոր եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ակումբներ գոյութիւն առին, մշակութային ու ընկերային ձեռնարկներ մրցանիշ կտրող առատութեամբ սկսան տեղի ունենալ, այլատեսակ ու բազմատեսակ միութիւններ կազմուեցան, թերթեր հրատարակուիլ սկսան, հայերէն լեզուի ուսուցման համար ամէնօրեայ դպրոցներու կողքին, 70-է աւելի միօրեայ դպրոցներ հիմնուեցան: Երգի, նուագի, արուեստի եւ պարի դպրոցները կը վխտան Լոս Անճելոսի մէջ, իսկ հարսանեաց սրահներն ու տարեցներու կեդրոններ ամէն քայլափոխին կը տեսնենք…։
1975-ին Հ.Բ.Ը.Միութեան տեղւոյս պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ այդ օրերու երիտասարդ եւ քաջակորով Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի, Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ու Պր. Ալեք Մանուկեանին դիմեցին ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու համար: Հաւանութիւն առնելով գործի անցան ու Շըրմըն Ուէյ փողոցի վրայ գործող Ս. Պետրոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ, 1976-ին սկսան Հ.Բ.Ը.Միութեան Ս. Պետրոս ամէնօրեայ վարժարանը, տասնեակ մը աշակերտներ ու միայն երեք հոգինոց ուսուցչական կազմ ունենալով: Քանի մը տարիէն արդէն աշակերտութեան թիւը բազմանալով, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դպրոցաշէնքը փոքր ըլլալով, Հ.Բ.Ը.Միւթեան ղեկավարները աւելի մեծ դպրոցաշէնք մը ունենալու մասին սկսան մտածել: Մէկ-երկու տարի պետական վարձու դպրոցաշէնքի մէջ դասերը տեղի կ՛ունենային: 1986-ին գնուեցաւ Canoga Park քաղաքի ներկայ դպրոցաշէնքի 6.5 արտավար տարածութեան վրայ շինուած պետական դպրոցը, երեք միլիոն տոլար վճարելով, որուն երկու միլիոնը Պր. Ալեք Մանուկեանի ընտանիքը տուաւ, իսկ մէկ միլիոն տոլար ալ գաղութէն հաւաքուեցաւ: Դպրոցին հոգաբարձութիւնը առ ի գնահատանք Մանուկեան ընտանիքի նիւթական աջակցութեան, դպրոցը անուանեց Մարի Մանուկեան անունով: Քանի մը տարի ետք լիբանանահայ բարերար Պր. Սարգիս Տեմիրճեան 1.25 միլիոն տոլար նուիրեց, ու դարձեալ լիաբանանահայ Նազարեան բարերար ընտանիքի երեք զաւակները՝ Նազար, Նուպար ու Կարպիս եղբայրները մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին: Վարժարանի երկրորդական բաժինը անուանուեցաւ Տեմիրճեան ընտանիքի, իսկ նախակրթարանի բաժինը Նազարեան ընտանիքի անունով: Պր. Մանուկեանի դուստրը՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահուհի Լուիզ Սիմոն եւս իր առատաձեռն նուիրատուութիւնը կատարեց այս դպրոցին համար:
Արդարեւ այս վարժարանի մեծագոյն արժանիքն ու առաքելութիւնը կը հանդիսանան այն բանի մէջ, որ Հ.Բ.Ը.Միութեան մեծ շրջանակը մեծագոյն սիրով ու նուիրումով փարեցաւ այս դպրոցին: Այս հաստատութեան իւրաքանչիւր նուաճում կամ յաջողութիւն, մեր շրջանակին սիրտերը հպարտութեամբ լեցուցած են: Դպրոցի յաջողութեան գլխաւոր պատճառներէն էր նաեւ, որ հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ դպրոցը ունեցաւ ամբողջանուէր ու հայկական ոգիով թրծուած հոգաբարձութեան անդամներ:
1991-ին հոգաբարձութեան անդամները սքանչելի գաղափարը ունեցան՝ հրաւիրելու Սինանեան շինարարական ընկերութեան նախագահ, փոքր տարիքէն Հ.Բ.Ը.Միութեան շարքերուն մէջ հասակ առած Սինան Սինանեանը, որ սիրով ընդառաջեց ղեկավարներու հրաւէրին ու ստանձնեց հոգաբարձութեան ատենապետութիւնը:
Նորընտիր ատենապետը անմիջապէս գործի անցաւ ու սկսաւ գործել վճռակամութեաբ, լիակատար գիտակցութեամբ ու ձեռնհասութեամբ:
Դպրոցի շէնքին նոր մասնաբաժիններ աւելցնելով, մարզարանը նորոգելով, դպրոցի կրթական ծրագիրը ժամանակակից պահանջներուն ու ոգիին յարմարեցուց: Հայկական բաժինին համար երիտասարդ, կարող հայագէտներ պաշտօնի հրաւիրեց, նոր բարերարներ գտաւ, դպրոցի պիւտճէն միշտ հաւասարակշռուած եղաւ, մեծ ու փոքր բարերարներ գտաւ դպրոցին համար եւ հոգաբարձութեան կազմէն ներս երիտասարդ ուժեր հրաւիրեց:
Սինան Սինանեանի անձնազոհութեան ու անձնուրաց ղեկավարութեան շնորհիւ, դպրոցի հոգաբարձութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողական այլազան մարմինները, սիրոյ ու համերաշխութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ դպրոցը տարին յաջողութենէ յաջողութիւն, շրջան մը մինչեւ 950 աշակերտ ունենալով: Արդարեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը մեր գաղութի պարծանքն է: Անոր կրթական մակարդակը, հայկական բաժինի ծրագիրը, արտադպրոցական այլազան միջոցառումները պարզապէս արժանի են ամէն գնահատանքի:
Այս դպրոցի շրջանաւարտները անխտիր ընդունուած ու աւարտած են Ա.Մ.Ն.ի յայտնի համալսարաններ:
Այսօր Հ.Բ.Ը.Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 40-ամեակին առիթով, ամէն բանէ առաջ կը շնորհաւորենք այս կրթական հաստատութեան հիմնադիրները, մեզմէ յաւէտ բաժնուած ծառայողներն ու բարերարները: Քառասուն տարիներու ընթացքին զանազան ժամանակներու ծառայող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, պաշտօնեաները, նիւթապէս ու բարոյապէս այս հաստատութեան նպաստողները:
Ինչ խօսք, որ Հ.Բ.Ը.Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի յաղթական քառասուն ամեակի տօնակատարութիւնը, ցնծութեան ու տօնակատարութեան օրն է նաեւ գաղութի բոլոր ամէնօրեայ վարժարաններուն անխտիր, որոնք 50, 40, 30, 20 ամեակներ շարունակ ծառայած են մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան, դաստիարակութեան ու հայապահպանման սուրբ գործին: Փառք ու պատիւ հայկական ամէնօրեայ բոլոր վարժարաններուն:
Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ունինք այդ գիշեր արդարօրէն գնահատուող ու մեծարուող՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-նախագահ, գաղութիս բազմաթիւ կազմակերպութեանց ղեկավար Տիար Սինան Սինանեանին:
Բոլորին միասնական ու համախառն ճիգերուն եւ նուիրումին առջեւ կը խոնարհինք ու կ՛ըսենք.
Ձեր վարձքը կատար, նորանոր ամեակներու մաղթանքներով: