Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եւ Յունական Ունեցուածքի Թրքացումը (1914-1919) (Լքեալ Գոյքի Լուծարումը – 1-2)

«էվրենսել» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է  երկու հատորներէ բաղկացած` Նեւզաթ Օնարանի նոր գիրքը, ուր քննութեան կ՛ենթարկուի թրքական ազգայնականութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը…։ Գիրքին մէջ կ՛ուսումնասիրուի Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կառավարութեան «ուրիշներու» ունեցուածքի լուծարման տնտեսական քաղաքականութեան պատմութիւնը` սկսած 1915-էն մինչեւ մեր օրերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»ը:

Հետազօտութեան մէջ կը շեշտուի, որ 1920-ական թուականներուն հանրապետութեան «ազգային քաղաքականութիւնը» հիմնուած է՝ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, հետեւաբար կը հանդիսանայ այդ քաղաքականութեան բնական շարունակութիւնը: Միաժամանակ այս երկու գիրքերուն մէջ վերլուծութեան կ՛ենթարկուի, թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին եւ Հանրապետական Թուրքիոյ առաջին տարիներուն, ինչպէս պետութեան միջոցով իւրացուած է «ուրիշներու» գոյքը եւ կուտակուած թուրք-իսլամական դրամագլուխը:

Օնարանի աշխատութիւնը կ՛ուսումնասիրէ թրքական ազգայնականութեան «արիւնոտ» տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը այդ հողերուն վրայ բնակող ոչ թուրքերու եւ իսլամներու վրայ:

Գիրքին մէջ Օնարան օգտագործած է Թուրքիոյ կառավարութեան կից օսմանեան ու հանրապետական արխիւային փաստաթուղթերը եւ «Ակօս» ու «Ճումհուրիէթ» թերթերու արխիւային նիւթերը: Ուսումնասիրած է տնտեսական քաղաքականութեան մասին օրէնքն ու դրոյթները, ինչպէս նաեւ   օրէնքի վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ կատարուած քննարկումները:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին