Գանատա հաստատուած սուրիահայերը հոս եկած փախստականներուն առաջին ալիքն են: Սակայն Թորոնթօ հաստատուած հայերը իրականութեան մէջ փախստական դարձած են երկրորդ անգամ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը գրէ գանատական The Star պարբերականը` ըսելով, որ 100 տարիներ առաջ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով շատ հայեր փախած էին Սուրիա:
Ըստ երեւոյթին սուրիական ճգնաժամի հետեւանքով Գանատա հաստատուած հայերը՝ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու թոռներն ու ծոռներն են: «Մենք վերապրեցանք այն, ինչ մեր տատերն ու պապերը: Ձեւն է տարբեր. անոնք հեռացած էին քալելով, սակայն զգացումները նոյնն են, մենք կը լքենք մեր նախնիներուն կեանքը», նշած է Թորոնթօ հաստատուած հայերէն մէկը` Պեթի Փանոսեան-Մինասեանը:
The Star-ը կը գրէ, որ 100 տարիներ առաջ շատ հայեր հեռանալով հայրենի տուներէն, տան բանալիները իրենց հետ վերցուցին՝ օր մը հոն վերադառնալու յոյսով եւ կը պահեն զանոնք մինչեւ այսօր: Վերջերս Գանատա հաստատուած Մկրտիչ Փանոսեանը եւս իր տան բանալին ձգած է դրացիին մօտ: «Ես անոր ըսի յուսով եմ, որ շուտ կը վերադառնամ», կը պատմէ Մկրտիչը: Ան կ՛ընդգծէ, որ Հալէպը լքելու մասին որոշում կայացուցած են` չունենալով հոն կեանքի ապահովութեան երաշխիքներ:
«Խնդիրը մեր երախաներուն անվտանգութիւնն էր: 2013 թուականին Սուրբ ծնունդի ժամանակ ռումբ ինկաւ մեր դրացիին պատշգամին վրայ: Հրաշք էր, որ անիկա մեզի չվնասեց», նշած է Մկրտիչ Փանոսեանը:
Անոր կինը` Ալինը պատմած է, որ թէեւ անկէ երք իրենք տեղափոխուած էին իր մօր տունը, սակայն հոն ալ ապահով չէր: «Մեր դուստրը սկսած էր մղձաւանջներ տեսնել: Ան կ՛ըսէր. «Եթէ վատ մարդիկ գան, դուն քարեր ունի՞ս անոնց վրայ նետելու եւ մեզի պաշտպանելու»: Սակայն քարերը ռումբերու եւ փամփուշտներու դէմ պաշտպանութեան միջոց չէին կրնար ըլլալ», ըսած է Ալինը:
Ընտանիքը իր հետ Գանատա բերած է լուսանկարներ, որոնք ճամպրուկի մէջ կշռած են 27 քիլօ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բոլոր գործիքները, որոնցմով նոր հայրենիքի մէջ կարենան աշխատիլ եւ արարել: