Փետրուար 8-11 Պելառուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ իրականացած են Հայաստանի մշակութային օրեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Հայաստանի մշակոյթի օրերու ծիրէն ներս՝ Փետրուար 9-ին Պելառուսիոյ Ազգային գրադարանին մէջ բացուած է հին գիրքերու ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսի բացման ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ մշակոյթի նախարարներու տեղակալներ Արթուր Պօղոսեանը եւ Իրինա Տրիկան:
Նոյն օրը Պելառուսիոյ պետական ֆիլհարմոնիային մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի մշակոյթի օրերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Ելոյթով հանդէս եկած է Պելառուսիոյ մշակոյթի նախարար Պորիս Սվետլով եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան: Ելոյթէն ետք մեկնարկած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին համերգը: Հանդէսին ներկայ եղած են Պելառուսիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչներ, պետական մարմիններու աշխատակիցներ, օտարերկրեայ դեսպաններ ու դիւանագէտներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, պելառուս ուսանողներ եւ այլն:
Փետրուար 10-ին Մինսքի Մ. Սաւիցքիի անուան պատկերասրահին մէջ բացուած է՝ հայ ժամանակակից նկարիչներու արուեստի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, որու ընթացքին գեղանկարիչներ Խ. Աբրահամեանը եւ Գ. Ղազանչեանը պելառուսական հանդիսատեսին ներկայացուցած են 13 նկարիչներու մօտ 60 աշխատանքներ:
Նոյն օրը Պելառուսի պետական երաժշտութեան ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած է՝ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին համերգը, որմով աւարտած է մշակոյթի օրերու ծրագիրը:
Փետրուար 10-ին Մինսքի մէջ բացուած է Քիրքի 23-րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն Հայաստանը այս տարի կը մասնակցի պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով: Հայաստանը կը ներկայացնէր ՀՀ Գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած է մօտ 200 միաւոր գրականութիւն, ներառեալ Հայաստանի անկախութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թեմաներուն:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Պելառուսիոյ կառավարութեան անդամներ, Պելառուսիոյ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, գրողներ եւ ուսանողներ: