Գերաշնորհ եւ Հոգեշնորհ Հոգեւոր Հայրեր,
Վսեմափայլ Տիկ. Նախարար,
Մեծարգոյ Պրն. Դեսպան,
Յարգարժան Պետական Երեսփոխաններ,
Յարգելի Կուսակցական, Միութենական եւ Յարանուանական ներկայացուցիչներ,
Սիրելի Գործընկերներ եւ Գործակիցներ.
Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Իրագործումներու արժեւորումի թեմայով եւ մեր կողմէ աւելցնենք՝ ինչու չէ բացթողումներու ինքնաքննադատութեան այս խորհրդաժողովին՝ հարիւրամեակէն ետք ի՞նչ բնաբանով առաջարկներու նիստին մեզի տրամադրուած խօսքի բաժինը կ՛ուզենք սկսիլ՝ փոխ առնելով մեր կազմակերպութեան միջոցով, քանի մը շաբաթներ առաջ տեղի ունեցած նմանօրինակ ձեռնարկի մը ատեն արտասանուած, բոլորիս ծանօթ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վարդապետ Կռանեանի պատասխանը՝ 100 Ամեակէն ետք ի՞նչին: Իր պարզ սակայն խորիմաստ ոճով Հայր Կռանեան ըսաւ՝ Հարիւր ամեակէն ետք՝ 200 Ամեակ:
Այո՛ 100 Ամեակէն ետք՝ 200 Ամեակ: Հարցը կը մնայ սակայն փորձէն օգտուելով անոր նոր հարթակը, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող պետական թէ սփիւռքահայ մարմիններուն աշխատանքներու ձեւն ու ծիրը ճիշդ սահմանելուն եւ բանաձեւելուն մէջ…:
100 Ամեակէն ետք՝ 200 Ամեակը ունի եւ ունենալու է իր յստակ նպատակն ու միջոցները:
Նպատակը անշուշտ յստակ է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը աւելի եւս բարձրաձայն յայտնի դարձնել համայն աշխարհին ու անոր աւելի մեծ թիւով ճանաչողականութիւնը ապահովելով անցնիլ անդին՝ ազգային իրաւունքներու վերատիրացման:
Պետական թէ տեղական մարմիններու գոյութիւնը այդ միջոցներուն մէջ կ՛իյնան եւ պէտք է լաւագոյնս ծառայեն իրենց նպատակին:
Այդ միջոցներուն մէջն են նաեւ անշուշտ պահանջատիրական քայլերու դիմելը՝ ինչպիսին են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած Դատական Հայցը, նաեւ վերջերս Հայաստանի Ազգային Արխիւի պատասխանատուներուն յայտարարութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի կրօնական Կալուածագրերու հրատարակման:
Մենք կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի կամ անոր յաջորդող պետական թէ սփիւռքահայ մարմինները, լաւ միջոցներ են համազգային նպատակներու շուրջ համախմբուելու եւ համագործակցելու, իսկ անցնող տարիներու անոնց փորձը լաւ միջոց մը նաեւ՝ տարակարծութիւններ հարթելու (conflict resolution) մեքանիզմ մը ստեղծելու: Տիկին Խտըշեանի տեղեկագիրը նուրբ, սակայն յստակ ձեւով կը նշէ, թէ նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան նման համազգային հարցի մը համար աշխատանքի լծուած մարմիններու մէջ, գոյութիւն ունի հատուածական մտածողութեան երեւոյթը: Երբ բոլորս ալ այս մակարդակի վրայ կը գանգատինք հատուածականութենէ ու կը մեղադրենք զիրար՝ ապա այս կը նշանակէ, որ բոլորս մեղաւոր ենք անոր համար ու բաժին ունինք անոր մէջ:
Հետեւաբար նման մարմիններ, ինչ անունի տակ ալ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, պէտք է որպէս միջոց ծառայեն նաեւ այդ մեքանիզմի ստեղծումին, որովհետեւ միեւնոյն ազգային հարց մը կամ նպատակ մը հետապնդելու միջոցներուն մէջ ժամանակի, աշխարհագրութեան եւ այլ հասկնալի պատճառներով կրնանք տարբեր ոճ կամ մօտեցում ունենալ՝ իբր մեր ժողովուրդին բաղկացուցիչ տարրերը Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: Սփիւռքը ունի նոր բեւեռներ: Գալիֆորնիայի Հայը նոյն ձեւով չի մտածեր ինչպէս Մոսկուայինը: Նոյն ձեւով չեն մտածեր այսօր նոյնիսկ միեւնոյն կազմակերպութեան շարքայինները: Նոյն ձեւով չեն մտածեր այսօր Արեւմուտքի ռամկավար ազատականները բաղդատած միջին արեւելքիններուն հետ: Նոյնը կը վերաբերի թերեւս մեր քոյր կազմակերպութիւններուն…:
Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման մարմիններու գոյութեան ու շարունակութեան պիտանելիութեան մասին, ինչ կը վերաբերի մեզի՝ մենք կ՛օրհնենք զայն, սակայն նախանձախնդիր ենք, որ անոնց գոյութեան նպատակն ու աշխատանքի դաշտը լաւագոյնս բանաձեւուի՝ հիմնուելով անցեալի փորձի արժեւորումին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի մեզի, մենք բնաւ բարդոյթը չունինք, որ անոր գոյութիւնն ու աշխատանքը մեզմէ հող կը խլէ կամ կը փոխարինէ մեզի: Ի վերջոյ մենք մաս կը կազմենք անոր եւ լաւագոյնս ներկայացուած ենք հոն: Ի վերջոյ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հակառակ իր կոթողային առաջնահերթութեան՝ մեր ազգային միակ հիմնահարցը չէ: Մենք ունինք ազգային հին ու նոր հիմնահարցեր, որոնց համար շատ բան ունինք ընելիք: Մենք համաձայն չենք եւ չենք բաժներ այստեղ արտայայտուած միտք մը, որ համազգային հարցերը պէտք է ձգենք նման մարմինի մը եւ զբաղինք մեր կուսակցական գործերով, դպրոցներով եւայլն…:
Մենք կը հաւատանք, որ օրինակի համար «Զարթօնք»ի, «Ազդակ»ի կամ «Արարատ»ի հարցերը իրենց համապատասխան կուսակցութիւններուն հարցերը չեն, այլ նաեւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ են: Ինչպէս, որ մենք կը հաւատանք, թէ Հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող որեւէ հարց, միայն Հայրենի պետութեան խնդիրը չէ:
Մենք կը հաւատանք, որ Հայրենի պետութիւնն ու Հայ աւանդական կուսակցութիւնները, առանձին կամ իրար ամբողջացնող աշխատանքներով, Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցէն անկախ եւ իրենց կուսակցական հարցերէն վեր շա՜տ հարցեր ունինք հետապնդելիք:
Աշխարհատարածքին հետ առնչուող քաղաքական նոր եւ արագ թաւալող խնդիրներու առաջ կը գտնուինք:
Արեւմտեան աղբիւրներ կը հրատարակեն ու կը ցրուեն Քիւրտիստանի մը քարտէսներ, որուն մէջ ներառնուած են Արեւմտեան Հայաստանի շատ մը գաւառներ, ինչպէս օրինակ Վասպուրականը…: Մինչ մենք լաւ գիտենք, որ արեւմտեան fiction (ստեղծաբանութիւն) մը այսօր՝ վաղուան իրականութիւնը եղած է:
Շուտով 2021ն է: Մոսկուայի համաձայնագիրով ճշդուած Թուրք-Ռուս 100 ամեայ համաձայնութեան մը աւարտին ժամկէտը, որ կարեւոր է մեզի համար՝ ինչ կը վերաբերի Կարսին ու Արտահանին… եւ Արարատին:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ Անկարելի բան չկայ սիրելիներ: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ Սովետական Միութիւն մը պիտի իյնար եւ մենք ունենայինք անկախ Հայաստան:
Հայրենի պետութիւնն ու Հայ Քաղաքական կուսակցութիւնները քիչ գործ չունին կատարելիք վերոյիշեալներուն նկատմամբ…:
Հայրենիքը կը դիմագրաւէ արտագաղթ եւ brain drain (ուղեղապարպում), որ աւելի քան մեծ հիմնահարց է այսօր: Այս հարցով Հայրենի պետութիւնը քիչ բան չունի ընելիք: Այստեղ արտայայտուած միտք մը յուշեց, թէ Սփիւռքը ունի նիւթական մեծ դրամագլուխ հայրենի տնտեսութեան մէջ ներդնելու: Մենք կ՛երկրորդենք ու կը քաջալերենք այդ միտքը, սակայն նաեւ կ՛ուզենք տեսնել Հայրենի մեծահարուստներուն արտասահմանի մէջ կատարած՝ նիւթական մեծագումար ներդրումներու տեղափոխութիւնը Հայաստան…: Այստեղ chain reactionի (շղթայական հակազդեցութիւն) հասկացողութիւնը կարեւոր է: Իրարու ուժ եւ լաւ օրինակ պէտք է ներշնչենք ու ըլլանք:
Հայրենի պետութիւնը սփիւռքահայէն թերեւս արդարացիօրէն կ՛ակնկալէ հայրենադարձութիւն: Սակայն ինչպէս կ՛ըսեն it takes two to tango (երկու հոգիի կարիքը կայ թանկօ պարելու): Արդեօ՞ք հայրենի պետութիւնն ալ օրինակի համար հողեր պէտք է տրամադրէ սփիւռքահայուն, որուն վրայ ան կարողանայ իր տունը շինել հոն…:
100 Ամեակով ստեղծուած climaxը (գագաթնակէտը) պէտք է լաւագոյնս օգտագործուի: Ազգային հարցերէ հեռու մնացած երիտասարդութեան ներգրաւելու համար՝ իրենց լեզուով խօսելու նոր ձեւեր պէտք է գտնուին: Թանքեանի եւ իր խումբին (System of a Down) Երեւանի նուագահանդէսն ու անոր ունեցած ժողովրդականութիւնը, հազարաւոր երիտասարդութեան անձրեւի տակ հոն ներկայութիւնը, մեզի նոր հորիզոններ կը բանայ՝ նոր միջոցներ ու աշխատանք բանաձեւելու, յարմարելով ժամանակին…:
Վերջապէս մենք կ՛ուզենք տեսնել, որ իւրաքանչիւրս իր դիրքէն ու պաշտօնէն իր գործը լաւագոյնս կը կատարէ, ինչպէս որ իրեն վստահուած պաշտօնը գերազանցօրէն կը կատարէ մեր սիրելի Սփիւռքի նախարարը՝ Հրանոյշ Յակոբեանը…։
Եզրափակելու համար պէտք է ըսել, որ մենք դէմ յանդիման ենք արտակարգ իրավիճակի: Արտակարգ իրավիճակ մը կարիքը ունի արտակարգ լուծումներու: Հետեւաբար մենք հաւաքաբար եւ համահունչ կերպով պէտք է մեր՝ 100 Ամեակէն ետքի շրջանի օրակարգերը ճշդենք ու առաջնահերթութիւնները դասաւորենք եւ միասին ու համակարգուած ձեւով քալենք դէպի 200ամեակ: