Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Պելառուսիան Եւ Հայաստանը Պիտի Համագործակցին Գիրքերու Փոխանակման Ոլորտին Մէջ

Պելառուսիան եւ Հայաստանը պիտի համագործակցին գիրքերու փոխանակման եւ ազգային լեզուներով հեղինակներու գործերը թարգմանելու ոլորտներուն մէջ: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի յայտնած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան։

Վերջինս մասնակցած է Մինսքի 23-­րդ միջազգային գիրքի ցուցահանդէս­տօնավաճառի բացման: Ան նշած է, որ պիտի թարգմանուին հայ եւ պելառուս հեղինակներու գործերը:

Արթուր Պօղոսեան շեշտած է, որ Հայաստանը ցուցահանդէս­-տօնավաճառին կը մասնակցի տասնեակ տարիներէ ի վեր, իսկ այս տարի պատուաւոր հիւր է, քանի որ ազգային տաղաւարը նուիրուած է երկիրի անկախութեան 25-­ամեակին: Կը ներկայացուին տարբեր ժանրերու գիրքեր: «Պելառուսի մէջ մենք կը ներկայացնենք Հայաստանի ամենահին Աստուածաշունչը, որ տպագրուած է 1666­ին», ըսած է Արթուր Պօղոսեան:

Մինսքի 23-րդ միջազգային գիրքի ցուցահանդէս-­տօնավաճառը պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 14, որուն կը մասնակցին 29 երկր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին