Հայաստանի տնտեսութիւնը հասած է կայացման ու բարեփոխումներու այնպիսի մակարդակի մը, որով գրաւիչ կը դառնայ ամերիկեան ներդրումներու համար. մէկամսեայ գործունէութեան առիթով առցանց ձեւով պատասխանելով քաղաքացիներու հարցումներուն, այս մասին ըսած է ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլս՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութիւնը, որ «2015-ին ամերիկեան ներդրումներու պատմական մակարդակը Հայաստանի մէջ միայն սկիզբն է», եւ թէ այդ ուղղութեամբ ի՞նչ գործնական քայլեր կան եւ ինչպիսի՞ ներդրումներ կը սպասուին Հայաստանի մէջ եւ ամերիկեան ո՞ր ընկերութիւնները շահագրգռուած են:
«Նախագահ Օպամայի մեկնաբանութիւնները կ՛արտացոլեն դեսպանութեան ու ԱՄՆ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները Հայաստանի մէջ` ամերիկեան ներդրումներու եւ առեւտուրի ծաւալի մեծացումը: Անցեալ տարի եղան կարեւոր զարգացումներ, որոնց շարքին Որոտանի հիտրոկասկատի գործարքը, ամենախոշոր ամերիկեան մէկանգամեայ ներդրումը Հայաստանի մէջ: Նաեւ ստորագրուեցաւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, որ նախատեսուած է օգնելու՝ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն առեւտուրի խոչընդոտներու երկուստեք վերացման հարցով: Իմ կարծիքովս այս ամէնը կ՛արտացոլէ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը հասած է կայացման ու բարեփոխումներու այնպիսի մակարդակի մը, որով գրաւիչ կը դառնայ ամերիկեան ներդրումներու համար», ըսած է դեսպանը, կը փոխանցէ «թերթ.ամ»ը:
Ըստ դեսպան Միլսի` նաեւ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերացումը կրնայ Հայաստանը դարձնել կարեւոր հարթակ՝ ամերիկեան գործարարութեան ընդլայնման համար Իրանի հետ:
«Աւելի շատ ներդրումներ ներգրաւելու դեսպանատան նպատակը կ՛ընթանայ՝ փտածութեան կրճատման ուղղուած ՀՀ մեր գործընկերներուն հետ աշխատանքին զուգահեռ: Հաւասար խաղի պայմաններու ապահովումը բոլոր գործարարութիւններու համար, ըլլան հայկական, օտարերկրեայ, թէ ռուսական խիստ կարեւոր է: Մենք կրնանք ներդրումներ ներգրաւել` օգնելով կրճատել փտածութիւնը ի շահ բոլոր անոնց, որոնք կը զբաղին գործարարութեամբ Հայաստանի մէջ», ըսած է դեսպանը: