Սուրիացի երիտասարդ զոյգը հարսանեկան լուսանկարներու շարք մը իրականացուցած է՝ վերջին տարիներուն պատերազմի հետեւանքով աւերակներու վերածուած Հոմս քաղաքին մէջ: Այս մասին կը գրէ Panorama.am-ը վկայակոչելով «France 24»-ը:
Լուսանկարիչը փորձած է ցոյց տալ, որ հակառակ աւերակներուն՝ սէրը գոյութիւն ունի: Նկարներուն մէջ նորապսակները կը ժպտին այնպէս, կարծէք ոչինչ պատահած է, ամէն բան լաւ է:
Անոնք պատմած են, որ լուսանկարները առնուած են քանի մը օրեր առաջ` Փետրուար 5-ին:
«Ես համաձայնած եմ լուսանկարուելու այս ամայի վայրերուն մէջ, որպէսզի իմ երախաներուս ցոյց տամ եւ պատմեմ, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ տխրութեան կեանքը կը շարունակուի», ըսած է հարսը:
Անոնք այսպիսով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ մահէն աւելի ուժեղը կեանքն է: