Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մի Քանի Ժամ Սպասման Սրահին Մէջ

*ԶԱՐՄԻՆԷ  ՊՕՂՈՍԵԱՆ*

Երկար ժամանակէ կատարուելիք ժամադրութիւն մըն էր, որ պէտք էր կատարէի մասնագէտ բժիշկի մը հետ: Մարմինիս գանգատները ալ չէի կրնար անտեսել: Յարմարցուցած էի արձակուրդ օրուան մը՝ գիտնալով, որ մէկը միւսին առաջնոդող քննութիւններ կրնան ծագիլ: Այդպէս ալ եղաւ:  Առաջինէն երկրորդը գէշ չէր՝ շուտ կատարուեցաւ: Երրորդ քննութեան համար բաւական երկար ընդմիջում մը կար: Չէր արժեր Նիւ Եորքեան ճամբորդութեամբ տուն երթալ եւ ետ գալ: Հաւատացէք ուրախացայ պահ մը: Կտրուած պիտի ըլլայի առօրեայի հեռաձայն-համակարգիչ կապուածութենէն: Տունը չեմ, գործի չեմ- կարճ կտրուկ արդարացում մը պիտի ըլլար զիս փնտռողներուն: Շա՜տ կը ներէք:

Սպասման սենեակին մէջ դիզուած բազմատեսակ ամսագրեր եւ օրաթերթեր կային: Օրուան թերթերու տրցակը քովս մէկ-մէկ աչքէ անցնելու սկսայ: Ի՜նչ նիւթեր ըսես չէին շօշափուեր: Օդանաւային ճամբորդութեան խորհուրդներէն, ծունկի գործողութեան նորանոր դիւրութիւներու բացատրութիւններէն, հանրային-պետական դպրոց յաճախող դպրոցականներու համար յատուկ նորաձեւութեան գաղափարներ ներկայացնող յօդուածներ… (ո՞ւր մնացին դպրոցականի շնորհք տուող համազգեստները… արդիական մօտեցում է, շուկայ պէտք է… ծնողներուն շահած դրամը պէտք է ծախսուի…):

Օ՜՜,  դեռ ինչ նիւթեր կան այսօրուայ թիւին մէջ: Հետաքրքրուած է՞ք, եթէ այո, նշանաւոր թէնոր Փաւարօթիի Մէնհէթընի երկու ննջարաննոց յարկաբաժինը, որ 2014-ին 13.7 միլիոն ամերիկեան տոլարի ծախու դրուած էր, այս օրերուն ծախու դրուած է նուազ սակով մը –  11.5 միլիոնի, սակայն Փաւարօթիի անձնական դաշնակը ներառեալ չէ:

Միլիոն բառը անմիջապէս ետ կը տանի զիս, ի՜նչ անհասանելի գումար մը արդարեւ: Մենք հայ դպրոցներու կամ սուրիահայութեան օգնութեան դրամահաւաքի համար ոտքի կ՛ելլենք՝ միլիոնն ի՞նչ է չե՛նք տեսներ: Այս միլիոնները ո՞ր գրպաններէն դուրս կ՛ելլեն արդեօք:

Ընթերցումս շարունակել կ՛ուզեմ: Քաղաքական պայքարի, ընտրութիւններու հետ կապ ունեցող հասարակ ու շուկայիկ յայտարարութիններէն կը խուսափիմ: Չեմ ուզեր աչքերս յոգնեցնել այդ էջերուն վրայ: Սակարանային լուրերն ալ զիս բնաւ չեն հետաքրքրեր: Էջերը կը դարձնեմ միայն վերնագիրներուն նայելով: Շատ կը զարմանամ: «Նիւ Եորք Թայմզ»ը ըլլայ թէ «Ուոլ Ըսթրիդ Ճուրնալ»ը, կը յաջողին լեցնել այս բոլոր լայնածաւալ էջերը:

Վերջապէ՜ս: Ահաւասի՛կ զիս հետաքրքրող նիւթ մը կը գտնեմ: Յօդուած մըն է՝ «Ծանօթացէք ՄԷԹ»ին անուան տակ,  յօդուածագիրը Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին կը ծանօթացնէ իր ընթերցողները: Ինծի պէս ժամանակ ունեցող մէկն է երեւի, որ կ՛որոշէ ակիւնադարձային իր տարեդարձին ամբողջ օրը թանգարանին մէջ անցնել: Ի՜նչ հետաքրքարական մանրամասնութիւններ ըսէք, որ չի տար: Ես որ քանիցս այցելած եմ հոն, չեմ կրցած ամբողջութեամբ վայելել այս թանգարանը:  Յօդուածագիրը միտքս կը կարդայ կարծէք: Պատասխանը չ՛ուշանար: Ան նոյն հարցումը ուղղած է թանգարանին այժմու տնօրէն Թոմաս Գէմփպէլին, որ կը հաստատէ, թէ երկու տարի կը տեւէ իր ամբողջութեան մէջ «տեսնելու» այն բոլոր  գործերու հաւաքածոները, որոնք կը գտնուին հոն: ՄԷԹ-ի մէկուկէս միլիոն հաշուող մնայուն արուեստի գործերը անկարելի է մէկ կամ երկու այցով ամբողջացնել:  Պատկերացուցէք երկու միլիոն քառակուսի ոտք տարածութիւն հաշուող այս թանգարանին 400 հանդիսասրահներու մէջ, ինչ-ինչ արուեստի գործեր ու հարստութիւն «դիզուած» է: Հետաքրքրական է, որ 1870-ին կառուցուած այս շէնքը Նիւ Եորքի Մէնհէթըն կղզիի ամէնէն յարգի շրջաններէն մէկուն մէջ, իր մէջ կը հիւրընկալէ կամ իւրացուցած է… արուեստի ա՛յնպիսի գործեր, որոնց թուականները նշուած են… նախաքրիստոնէութիւնը՝ 2381-2323 Ն.Ք.: Ինչ մեծ հպարտութեամբ կը նշուի, թէ աշխարհառչակ ամէնէն կատարեալ եգիպտական արուեստի հաւաքածոն կը գտնուի ՄԷԹ-ի մէջ: Հոն կը գտնէք Ք.Ա. 2446-2389 թուականներուն մէջ տարածուող արուեստի գործերէն, անձնական զարդեղեններէն մինչեւ իշխանական ընտանիքներէն զմռսուած մարմիններն ու տապանաքարերը: Ընթերցումիս մէջ թաղուած էի եւ անջատուած անմիջական շրջապատէս: Այդ բոլոր հրաշալի արուեստի գործերուն մանրամասն նկարագրականները կարդալով – Մոնէ- Մանէ- Վան կո- յունական –հռոմէական բաժիններ՝ արձաններու շարքով, աշխարհի բոլոր երկիրներէն- բայց անշուշտ Հայկական խաչքարը չէր նշուած… լրիւ հեռացած էի այդ սենեակէն:

Յանկարծ հեռատեսիլէն  լսուող Հալէպ եւ Սուրիա  բառերը զիս  արթնցուցին ճամբորդութենէս: Բժիշկին սպասման սենեակի հեռատեսիլէն կը լսուէին կրկնութիւններով: Աչքս կը վերցնեմ… Հալէպէն թրքական սահմանը անցնիլ ուզող շարան-շարան գաղթականներ, մանուկները գրկին հետիոտն մայրեր, ծերունիներ…։

Արուեստը ո՜ւր մնաց… հազարաւոր տարիներէ մնացած արուեստի գործերու համար, այդ սենեակներուն մէջ լոյս-ջերմութիւն- կլիմայի հաւասարակշռութիւն պահպանող արդիական միջոցառումներու մասին հոգ տանիլները…: Ո՞ւր են մարդկային միջոցառումները՝ մարդկա՛յին կեանքերը մարդկայնօրէ՛ն հոգ տանելու եւ պահպանելու:

2009-ի ամրան ամուսինիս՝ Միսաքին հետ Հալէպ էինք այցելութեամբ: Դպրոցներէն- եկեղեցիներէն, ակումբ-պարտէզներէն անդին հալէպահայութիւնը հասած էր մակարդակի մը, ուր արդէն դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, ամառնային պարտէզները՝ արուեստի ու մշակոյթի նոր վերելք մը կը ներկայացնէին: Նոր Գիւղի ՀՕՄ-ուհիներու փառաւոր շէնքին մէջ, ամէն տեսակի յարմարութիւններով զարգացման ու վերելքի արդիական կատարելութիւնը կը փայլէր, բժշկական օգնութեան սենեակներէն, խոհանոցային արուեստէն մինչեւ պատմական Հայաստանի քաղաքներու ձեռագործներու բազմազան օրինակներու ցուցահանդէսին ի տես հիացմունքով լեցուած էինք: Այցելեցինք նաեւ Եկաւեան տեղեկատու կեդրոնը, Քառասուն Մանկանց եկեղեցին եւ անոր շրջափակին մէջ գտնուող Այնթապցիներու նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տեղ Զարեհեան թանգարանը՝ իր զանազան թանկարժէք իրերով,  Ճինիշեան կեդրոնը, Կիւլպէնկեան Մայրանոցն ու արդիական Հայկական Ծերանոցը: Ականատեսը եղանք Կիլիկիա Գրատան հիմնած հայերէն գիրքերու տպագրական եւ մատենաշարային սքանչելի աշխատանքին:

Հապա Հալէպի պետական թանգարա՞նը, հոն հաւաքուած ամբողջ պատմութիւնը Միջին Արեւելքի հարուստ անցեալին, ո՜ւր են արդեօք: Հապա ի՜նչ ճակատագիրի ենթարկուեցան մեր եկեղեցիներն ու գերեզմանոցները, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Տէր Զօրի Մատուռ-թանգարան համալիրը…։

Անկախ ինձմէ անծանօթ յօդուածագիրին հետ վիճաբանիլ սկսայ: Պիտի գա՞յ օր մը, որ ՄԷԹ-ը հպարտութեամբ նաեւ ցուցադրէ այդ բոլորը եւ հպարտանայ իր «ազատագրած» Սուրիական արուեստի գործերով:

Կը վերյիշեմ ՄԷԹ-ի իմ այցերս: Հիացմունքս Միջին Արեւելքէն «ազատագրուած» ու արդիական տուփիկներու մէջ կամ փայլուն ցուցափեղկերու ետին  ցուցադրուած արուեստի գործերուն, մագաղաթներուն, զարդեղէններուն:

Շնչասպառ ըլլալու չափ կոկորդս կը կծկուի «ազատագրուած» բառով: Այս բոլորը տէրեր ունէին, մարդկային արարածներու կը պատկանէին: Ինչպէ՜ս, ի՞նչ ճամբով հոս հասան ասոնք: Ադեօք ո՞ւր են հիմա անոնց տէրերը: Շարժանկարային արագութեամբ 2009-ի Հալէպի մեր այցելած գեղեցիկ կեդրոնները կը հրմշտկեն զիրար- իսկ դիմա՞ցս՝  հեռատեսիլի պաստառին վրայ մէկը միւսին ետեւէն աւերակուած շէնքերը կը տեսնեմ Հոմսի, Հալէպի, Ճարապլուսի, Րագգայի, Գամիշլիի… եւ… երկար թափօրը հազարաւոր ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ հոգիներու, որոնք ամէն ինչ ետին ձգած կը քալեն ու կը քալեն… դէպի անյայտութիւն… անխիղճ աշխարհի մը անտարբեր աչքերուն առաջ:

Յօդուածը կը ծրարեմ ու մէկդի կը դնեմ: Ի՜նչ փոյթ եթէ օր մը այդ աշխարհէն կորսուած արուեստի պատառիկներ յանկարծ յայտնուէին եւ փառաւորապէս տեղ գտնէին՝ այս հրաշալի շէնքին ուսումնասիրուած եւ հոգատար ցուցափեղկերու ետին: Ես պիտի չտեսնեմ այդ օրը:

Սակայն մեր յաջորդները, ՄԷԹ-ի այցելուները պիտի զգա՞ն, թէ ժամանակին անոնք տէր ունէին, խնդալ ու զուարճանալ գիտէին, զգացում, հոգի ու մարմին ունէին:

Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ իրենց ինքնուրոյն ՄՇԱԿՈ՛ՅԹը ունէին:

Իսկ թէ անոնք ինչպէ՞ս եւ ինչ ճամբով հոն հասած են… երեւակայութիւնս չարչարելու բնաւ ալ պէտք չունեցայ…։ Ես իմ մտածումներովս շատ հեռուներէն վերադարձայ բժիշկիս սպասման սենեակը, ուր հեռատեսիլը անդադար լուրեր կը հաղորդէր:

Նիւ Եորք

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին