Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Այսուհետեւ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար պիտի ղրկենք մատենագիտական տուեալները՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններու, ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար գրադարաններու եւ հայագիտական շրջանակներու: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:
Տուեալներուն եւ ամբողջ ցանկերուն հրապարակումն ու արտատպումը թոյլատրուած են՝ պատրաստողի անուան յիշատակման պարտադիր պայմանով:
– Ազնաւորեան Զարեհ Արք., «ԶԱստուած Տեսնել», կազմող` Յակոբ Քորթմոսեան, խմբագիր` Գէորգ Եազըճեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2014, 544 էջ (17 x 24 սմ.) (երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի աստուածաբանական-մեկնողական, քարոզախօսական, Մեծ Եղեռնի նահատակներու սրբադասման, եկեղեցական երաժշտութեան եւ զանազան բնոյթի գրութեանց ընտրանի):
– Ազնաւորեան Զարեհ Արք., «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», «Առաջաբան»ը` Մակար Եպս. Աշգարեանի, ներածական խօսքը` Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, Թեհրանի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութիւն, Թեհրան, 2015, 768 էջ (Ա-5) (երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի դասախօսութիւններէն գրառուած` Աստուածաշունչ Մատեանի մեկնողական գրականութիւն):
– Ալպօյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ – Տեղագրական, Պատմական Եւ Ազգագրական Ուսումնասիրութիւնՙ, Ա. Եւ Բ. հատորներ, Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Ժիրայր Դանիէլեան, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ 10 եւ 11, Անթիլիաս, 2015:
– Աղպաշեան Պարոյր, «Երեւանի Պետական Համալսարան (95-ամեակ) – Երախտաւոր Դասախօսներ (Դիմանկարային Հպումներ)», տպարան «Զինքոկրաֆ Քեսթէնեան», Պէյրութ, 2015, 104 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակին՝ 1960-ականներու երկրորդ կէսին Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքին մէջ ուսանողական տարիներու յուշեր՝ առնչուած իր դասախօսներուն եւ վերջիններուս կենսագրական տուեալներն ու լուսանկարներ):
– Այվազեան Արմէն, «Հայ-Պարսկական 449-451 Թուականներու Պատերազմը. Արշաւանքները Եւ Ճակատարամարտերը», «Ոսկան Երեւանցի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 516 էջ + քարտէսներ (15.1 x 22.8 սմ.) (գիտական կոթողային աշխատութիւն, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ ցանկեր) (ռուսերէն):
– Գալուստեան Գրիգոր Հ., «Մարաշ Կամ Գերմանիկ Եւ Հերոս Զէյթուն», Գ. հրատարակութիւն, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ 9, խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2015, 1135 էջ: Մեկենասներ` Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեան:
– Գուլակեան Յասմիկ, «Չիւրացուած Դասեր», Երեւան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի հրատարակութիւն, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 134, 2015, 384 էջ (Ա-5) (հրապարակախօսութիւն ու հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներու հետ հարցազրոյցներ` ազգային, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած մտահոգիչ հարցերու մասին):
– Զաքարեան Անուշաւան, «Արեւմտահայ Իրականութիւնը Ռուս Հրապարակախօս Տ. Օլկենինի Գնահատմամբ», Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2104 (Ա-5) (Անթուան Պերեզովսքի-Օլկինսքիի 1913-ի առաջին կէսին Հայաստանի արեւմտեան հատուած ուղեւորութեան տպաւորութիւնները, թղթակցութիւնները եւ անոր «Անհետացող Հայաստան» դասախօսութեանց շարքը):
– Կիւզելեան Ասատուր, «Կը Խօսին Նամակները – Նամակագրութիւն Ասատուր Կիւզելեան-Սիմոն Սիմոնեան Եւ Ասատուր Կիւզելեան-Վահրամ Մավեան», Պէյրութ, 2014, 504 էջ (16.5 x 23.4 սմ.) (լոնտոնաբնակ վաստակաշատ մանկավարժի եւ խմբագիրի 1950-1980-ական թուականներուն փոխանակած նամակները սփիւռքահայ գրականութեան եւ մշակոյթի երկու մեծ գործիչներուն հետ, լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ, հայատառ օտար բառերու բառարան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– Կոզմոյեան Ռոմէն, «Իմ Կեանքի Հաւատամքը», «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 280 էջ (13.5 x 21.7 սմ.) (Լիբանանի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան աշխատակից, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի բաժնի վարիչ, այնուհետեւ՝ նախագահի տեղակալի հարուստ յուշերու ընտրանին):
– «Հայ Գրատպութիւն Եւ Գրքարուեստ – Հանրագիտարան», Հայկական Հանրագիտարանի Խմբագրութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 2015, 1120 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակներ, տպարաններ, պարբերականներ, հրատարակչատուներ եւ այլք, պատկերազարդ):
– «Հայոց Հոգեւոր Եւ Կրթական Կեանքը Պուլկարիոյ Մէջ», զեկուցումներու ժողովածու, Սոֆիա, 2016 (2014 թ.ին կայացած գիտաժողովի զեկուցումներ եւ նիւթեր) (պուլկարերէն):
– Միսաքեան Շաւարշ, «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը», խմբագիր` Արփի Թոթոյեան, «Փարանթէզ» հրատարակչութիւն, Մարսէյ – Ֆրանսա, 2015, 127 էջ (17 x 24 սմ.) (1935-ին «Յառաջ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւնը` Գրիգոր Պըլտեանի «Պակսող Բառը» վերջաբան-յաւելուածով):
– Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապ», խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ 8, Անթիլիաս, 2015, 1384 էջ (20 x 27.8 սմ.) (կոթողային աշխատութիւն Քեսապի պատմութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան, բարբառին եւ այլ մարզերուն մասին, անձնանուններու, տեղանուններու եւ ուրիշ ցանկեր, լուսանկարներ, երգերու նօթաներ):
– Պապեան Կորիւն Արք., «Ուսումնասիրական Յօդուածաշարք», Սպահանի Հայոց Թեմի Կրօնական Խորհրդի հրատարակութիւն, Նոր Ջուղա, 2015, 123 էջ (17.4 x 24.1 սմ.) (պատմա-բանասիրական երեք բարձրարժէք ուսումնասիրութիւններ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի տպարանի հիմնադիր Խաչատուր Վրդ. Կեսարացիի, անոր աշակերտ ու գործի շարունակող Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցի-Քթռէշենցի կեանքին ու գործունէութեան, վասն կրօնի դաւադրութեամբ զոհուած պարսկահայ երիտասարդ Ռոստոմ Խան Էնակոլոփեանցի նահատակութեան հանգամանքերուն մասին, գունաւոր լուսանկարներ):
– Սիմոնեան Աշոտ, «Զանգեզուրի Գոյամարտի Հերոս Խաչատուր Մալինցեան», «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2014, 120 էջ (Ա-5) (Հ. Հ.ի բանակի գնդապետ, Զանգեզուրի հայկականութեան համար պայքարած, գրեթէ ամբողջովին անյայտ գործիչի կեանքն ու գործունէութիւնը, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ):
– Սիմոնեան Ռուբէն, «Անդրանիկ 150 – Մասունքներ», «Նոյեան Տապան Հոլտինկ», 2015, 120 էջ (Ա-5) (անյայտ կամ շատ քիչ յայտնի էջեր ազգային հերոսի կեանքէն ու գործունէութենէն, լուսանկարներ):
– Վարդումեան Յովիկ, «Ուխտեալները», «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 216 էջ (Ա-5) (Եդեսիա-Ուրֆայի 1915-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան նիւթով գեղարուեստական վէպ): Հրատարակուած է պետական աջակցութեամբ:
– «Ցեղասպանութենէն Վերապրող Հաճընի Հպարտ Զաւակ Ասատուր Չալեանի Յուշերը», հայերէն բաժինի խմբագիր` Աբօ Պօղիկեան, անգլերէն բաժինի խմբագիր` Արա Խաչատուրեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի հրատարակութիւն, Լոս Անճելոս, 2015, 193 էջ (15 x 22.4 սմ.) (երկլեզու` անգլերէն եւ հայերէն նոյնական բովանդակութեամբ, լուսանկարներ, Չալեան գերդաստանի տոհմածառը):
– Քասունի Երուանդ Հ., «Կանխորոշուած Ցեղասպանութիւն – Հետազօտութիւն Գէորգ Մեսրոպի «Թրքահայերն Ու Թուրքերը» Փաստաթուղթերու Տուեալներով», Պէյրութ, 2015:
– Օշական Յակոբ, «Համապատկեր Հայ Գրականութեան», Բ. հրատարակութիւն, Գ. հատոր՝ «ՙԿրտսեր Ռոմանթիգներ», խմբագիր՝ Վարուժան Արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի թիւ 82, Անթիլիաս, 2015: