Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Հայ Գերիներու Մասին Ազերիական Հակասական Կեցուածքներ

Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը պաշտօնական տեղեկութիւններ չունի Ազրպէյճանի մէջ մեծաթիւ հայ գերիներու մասին: Այս մասին յայտարարեցին կազմակերպութեան Երեւանի պատուիրակութեան պատասխանատուները: Ազրպէյճանի փախստականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով պետական յանձնաժողովի նախագահ Ալի Հասանով յայտարարած էր, որ իրենց մօտ մեծաթիւ հայ գերիներ կան: «Կարմիր Խաչի տուեալներով, այս պահուն Ազրպէյճանի մէջ կայ մէկ հայ ռազմագերի: Մեր ներկայացուցիչները կ’այցելեն անոր, ան հնարաւորութիւն ունի հարազատներուն հետ ընտանեկան բնոյթի տեղեկութիւններ փոխանակելու: Այլ գերիներու մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ Կարմիր խաչը չունի», ըսին Երեւանի պատուիրակութենէն: Նշենք, որ միակ գերին Արցախի քաղաքացի Արսէն Պաղտասարեանն է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին