Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

«Պիտի Հիւսեմ Մինչեւ Այն Ատեն Որ Տէրը Կեանք Պարգեւած Է Ինծի». Արփինէ Նագգաշեան – 86-Ամեայ Մեր Երէց Ընկերուհին Շալեր Կը Հիւսէ Հայոց Բանակի Զինուորներուն

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Սաղիմահայ   մեր երէց ընկերուհի Արփինէ Նագգաշեան, շալեր կը հիւսէ հայկական  բանակի զինուորներուն համար:

Ըստ իր դուստրին՝ ընկերուհի բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանին, մայրը՝ ընկերուհի Արփինէն առաւօտ մը կ՛արթննայ հայրենասիրական երգեր երգելով ու կ՛ըսէ. «Մեր տղաքը ցուրտ ձիւնին երկիր կը պաշտպանեն, ես ալ շալեր պիտի հիւսեմ իրենց համար…»:

2

Եաֆա ծնած ընկերուհի Արփինէն զաւակն է Վանեցի Ռամկավար ընկեր Արշակ Սարգիսեանին, որ եղած է Եաֆայի ՌԱԿ առաջին ակումբին հիմնադիրը: Ընկերուհի Արփինէն իր կարգին, 1956ին իր կուսակցական երդումը տուած է Յորդանանի մէջ՝ կնքահայր ունենալով Անդրանիկ Անդրէասեանը եւ նուիրեալ Ռամկավար Ազատական կուսակցական մըն է 60 տարիներէ ի վեր:

Ան ամբողջ կեանք մը նուիրած է Հայ ժողովուրդին իր ուսուցչական ասպարէզին ընդմէջէն, նախ դասաւանդելով Ամմանի Հեթումեան Ազգային Վարժարանին մէջ, ապա Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Երկրորդական Վարժարանը։ 60 տարուայ իր նուիրեալ աշխատանքին մէջ, ան ուսուցչուհին եղած է իր աշակերտներուն թոռներուն ալ…:

1969-1976ին Երուսաղէմի Տատուրեան Սաներու Վարժարանի տնօրէնուհին եղած է, ուր Թուրքիայէն աշակերտներ կը բերէին Հայերէն սորվեցնելու եւ ազգային դաստիարակութիւն տալու: Իր 50ամեայ մանկավարժական յոբելեանը յատուկ կոնդակով մը պատուուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:

Ընկերուհի Արփինէն երկար տարիներ ատենապետուհին եղած է Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան:

Ամուսնացած է Մելգոնեանցի արձակագիր, Վահան Թէքէեանի ու Յակոբ Օշականի աշակերտ, արուեստագէտ լուսանկարիչ (այժմ յանգուցեալ) ընկեր Հրանդ Նագգաշեանին հետ, որ հօրեղբօրորդին է ՌԱԿի ղեկավար ընկերներէն գրող եւ հրապարակագիր Հայկ Նագգաշեանին:

Զանազան գիրքերու հեղինակ՝ ինչպէս «Դրաստամատ կ՛երթայ Անյուշ Բերդ», «Աքսորեալները», «Անին ծախուած է արդէն զաւակս»,  ողբացեալ ընկեր Հրանդը իր կողակից ընկերուհի Արփինէին հետ դասաւանդած է Հայոց լեզու եւ Գրականութիւն ու Հայոց Պատմութիւն, երկար տարիներ ուսուցիչ հանդիսանալով Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ:

«Շալեր պիտի հիւսեմ մինչեւ այն ատեն որ Տէրը կեանք պարգեւած է ինծի», ըսած է ընկերուհի Արփինէն: «Ուրիշ ինչպէ՞ս կրնամ օգնել բանակիս» աւելցուցած է 86 ամեայ մեր ընկերուհին…:

«Տարիքի բերումով տունէն ոչ շատ յաճախ դուրս եկող ընկերուհի Արփինէն, մօտէն կը հետեւի հայրենի լուրերուն՝ նամանաւանդ հայոց բանակի առօրեային», վկայեց իր դուստրը՝ ընկերուհի Անոյշը:

Ընկերուհի Արփինէն Երուսաղէմի դարաւոր վանքին մէջ փայտեայ փոքր խաչեր օրհնել տուած է ու իր աղօթքին հետ միատեղ կցած է իր գործած շալերուն, որպէս պահապան մեր զինուորներուն:

3

Ընկերուհի Արփինէն իր հիւսած շալերէն առաջինը՝  արդէն իսկ նուիրած է իր տունը հիւրաբար գտնուող հայրենի զինուոր Դանիէլ Սիմոնեանի ծնողքին, անոր վրայ դրոշմելով հայրենի զինուորին անուան սկզբնատառերը:

Հայրենասէր ընկերուհի Արփինէն իր հիւսած շալերէն շատ առաջ ազգին նուիրած է երկու արժանաւոր զաւակներ՝ բանաստեղծուհի եւ ծանօթ ասմունքող ընկերուհի Անոյշն ու ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ «Պաղեստինեան Աշխատաւորներու Ուսուցման Կեդրոն»ի վարչական աւագ պատասխանատու ընկեր  Սարօ Նագգաշեանը:

Ձախէն՝ ընկ. Սարօ, ընկհի. Արփինէ եւ ընկհի. Անոյշ Նագգաշեաններ
Ձախէն՝ ընկ. Սարօ, ընկհի. Արփինէ եւ ընկհի. Անոյշ Նագգաշեաններ

Թող, որ Աստուած առողջութիւն ու արեւշատութիւն պարգեւէ սիրելի ընկերուհի Արփինէին, իսկ իր նախաձեռնութիւնը որպէս քաջալերիչ օրինակ ծառայէ բոլորիս՝ իւրաքանչիւրս մեր ունեցած միջոցներով զօրավիգ կանգնելու Հայոց բանակի  քաջարի զինուորներուն:

Վարձքդ կատար երէց ընկերուհի Արփինէ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին