Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի Տօնը

Երեւանի մէջ Փետրուար 7-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծ Պահքին նախորդող Բուն Բարեկենդանի տօնը:

Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11:00-ին մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, որմէ ետք թեմի երիտասարդները,  ազգագրական երգի ու պարի համոյթները, Երեւանի տարբեր համայնքները ներկայացնող մշակութային խումբերը,  Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մօտէն՝ Մաշտոցի պողոտայով տօնական շքերթով շարժեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակ:

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենցան տարբեր ձեռնարկներ` մշակութային ուսումնական հաստատութիւններու աշակերտներու նկարներու ցուցահանդէս, ազգային երգ ու պարի կատարումներ, թատերական խումբերու ելոյթներ եւ ազգային խաղեր:

Նշենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին Փետրուար 8-էն կը մտնէ Մեծ Պահքի շրջան: Սովորաբար Բարեկենդան կը կոչուի շաբաթապահքերու եւ Մեծ պահքի նախընթաց օրը: Բարեկենդանին կը թոյլատրուին չափաւոր վայելքներ, խրախճանքներ, խաղեր եւ ուտեստներ: Բարեկենդան բառացի կը նշանակէ կենդանութիւն, բարի կեանք:

Մեծ պահքի բարեկենդանը կը կոչուի Բուն Բարեկենդան, քանի որ ան կը նախորդէ ամենաերկար պահքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին