Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սերպիոյ Ազգային ժողովի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Կոյքովիչ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էտուարտ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ դրին յուշահամալիրի պատուանդանին եւ ծաղիկներ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ, խոնարհումով ու լռութեամբ յարգեցին սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Սերպ խորհրդարանականները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացան Ցեղասպանութեան մասին պատմող նիւթերուն եւ լուսանկարներուն: Կոյքովիչ նաեւ գրառում կատարեց յուշամատեանին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին