Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Սահմանագիծի Վրայ Հայ Զինծառայող Մը Զոհուած է

Փետրուար 4-ի եւ լոյս 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի զօրքերու սահմանագծին վրայ, կրկին արձանագրուած է լարուածութեան նկատելի աճ: Ազրպէյճանական զինուժը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 1500 կրակոցներ:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Փետրուար 5-ի ժամը 3:55-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէ զոհուած է Պաշտպանութեան Բանակի 20-ամեայ զինծառայող Սիմոն Ռաֆիկի Ճաւրշեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

«ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին