ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչայն յայտնած է, որ հայկական Սփիւռքի եւ հայ աշխատանքային գաղթականներու ներգրաւումով՝ հնարաւոր է լուծել Հայաստանի մէջ փոքրիկներու բարեկեցիկ ապագայի խնդիրը:
Այս մասին ըստ Mediamax.am-ի Դանիա Ռատոչայն ըսած է Երեւանի մէջ մեկնարկած՝ «Սփիւռքի ներգրաւման նորարարական ռազմավարութիւնը եւ մօտեցումները փոքրիկներուն առնչուող բարեփոխումներու ոլորտին մէջ» թեմայով համաժողովի ընթացքին:
«ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը հաւատացած է, որ փոքրիկներու համար բարեկեցիկ կեանքի ապահովումը լաւագոյն ներդրումն է երկիրի, ինչպէս նաեւ ազգի ներուժը զարգացնելու տեսանկիւնէ: Եթէ երկիրի զարգացումը չ՛ապահովեր փոքրիկներուն մասնակցութիւնը, եթէ փոքրիկներէն շատերը երկիրի մէջ կ՛ապրին աղքատութեան շեմէն ցած մակարդակով, ուրեմն ատիկա կը շարունակէ մնալ հասարակական անկայունութեան աղբիւր», ըսած է հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչը:
Անոր խօսքով թէեւ Սփիւռքն ու հայ աշխատանքային գաղթողները ունին իրենց հրատապ առաջնահերթութիւնները եւ ինքնուրոյն կ՛որոշեն, թէ ինչպէս եւ ուր ներդրումներ ընել, այնուամենայնիւ անոնք կրնան միաւորուիլ հայ փոքրիկներու բարեկեցութեան գաղափարին շուրջ:
«Թէեւ գաղթողներու դրամական փոխանցումները մեծ չափով կ՛օգնեն աղքատութեան մէջ գտնուող իրենց ընտանիքներուն, այնուամենայնիւ աւելի շատ բան հնարաւոր է ընել` գաղթողներու ընտանիքներուն երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ օգնելու եւ անոնց փոքրիկներուն համար աւելի լաւ ապագայ ապահովելու տեսանկիւնէ: Միայն այդ պարագային հայ գաղթողներուն յաջորդ սերունդը կարիք չի զգար մեկնելու արտասահման եւ աշխատելու ցած վարձատրուող աշխատանքի դիմաց», նկատած է Դանիա Ռատոչայ:
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով իրականացուցած է «Հասարակական արձագանգ աշխատանքային գաղթին» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս Հայաստան հրաւիրած են միջազգային փորձագէտներ, որոնք պիտի օգնեն Հայաստանին ուսումնասիրել Սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու փորձը: