Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Անհրաժեշտ Է Պատասխանատութեամբ Մօտենալ Մարդկային Եւ Բարոյական Վնասին

Քանի մը օրեր առաջ համացանցի վրայ՝ ի մասնաւորի համացանցի ընկերային էջերուն վրայ կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ հետեւեալ ցնցիչ վերնագիրով լուրը՝ «Հալէպէն Գանատա Գաղթած Հայը Անձնասպան Եղած Է», որուն կ՛ընկերակցէր անհատական թէ ընտանեկան խմբային նկար մը…:

Բոլորիս մօտ սովորութիւն դարձած է հետաքրքրական լուր մը մեր կարգին բաժնեկցիլով (share ընելով)  տարածել։ Սակայն պէտք է միշտ ուշադիր ու փափկանկատ ըլլալ կարգ մը երեւոյթներու նկատմամբ եւ մանաւանդ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ տարածենք կամ յանձնարարենք ուրիշներուն զայն կարդալ: Ոչ բոլոր լուրերը հաւաստի են ու օգտակար: Այս պարագային սակայն լուրը դժբախտաբար ստոյգ ըլլալով հանդերձ չափէն աւելի յուզիչ էր…:

Անձնասպանութիւնը ինքնին զգայուն նիւթ է: Անոր վրայ եթէ գանք աւելցնելու արիւնաքամ եղած սուրիահայութեան արդէն իսկ զգայուն հոգեվիճակը, ենթակային ընտանեկան պարագաներուն աշխարհով մէկ ցրուած ու իրենց մահացած սիրելիէն հեռու ըլլալու անզօր պարագան, կամ նոյնինքն ողբացեալին հարազատներուն մարդկային իրաւունքը՝ այս լուրը կամ իրենց նկարները տարածուած չտեսնելու եւ մանաւանդ նման լուրի մը ընկերաբանութեան մէջ բնութագրուող ընդօրինակութեան  ազդեցութեան (clustor effect) ազդակը, որ ողբացեալին հար եւ նման հոգեվիճակի մէջ գտնուողներուն՝ որպէս քաջալերիչ հանգամանք ալ կրնայ ծառայել, բոլորս կը դնէ լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ…

Բարեբախտաբար լուրին աղբիւրը (համացանցային լրատուական պաշտօնակից մը) շուտով անդրադառնալով լուրին գործած բարոյական վնասին՝ անմիջապէս իր կայքէն վերցուց զայն, սակայն արդէն ուշ էր՝ ինչ կը վերաբերի անոր անխնայ տարածման:

Սիրելիներ եկէք ընտրովի ըլլանք մեր գործողութիւններուն մէջ՝ ինչ կը վերաբերի համացանցին, որ լուրի եւ տեղեկութեան անսահման  տարածման իր մեծ մեքանիզմով, որքան օգտակար է այնքան վնասակար, մինչ յանցաւորը արհեստագիտութիւնը չէ սակայն, այլ զայն օգտագործողներուն պատասխանատուութեան գիտակցութեան պարագան…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին