Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Պոլսոյ «Մարմարա»ի Խմբագիրին Մասին Նոր Տեսաֆիլմ

Կիրակի, 31 Յունուար 2016-ին Հայաստանի Հ1 հեռատեսիլի պաշտօնական կայանէն հաղորդուած է՝ նշանաւոր հաղորդավարուհի եւ վերլուծաբան Արփէն Մովսիսեանի կողմէ պատրաստուած, «Մարմարա»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանի մասին նոր ժապաւէն մը: Այս մասին կը տեղեկանանք «Մարմարա»էն՝ ուր կը նշուի, թէ Հատտէճեանին նուիրուած Մովսիսեանի յայտագիրը այս անգամ կը կրեր «Թուղթ առ Ռոպէր Հատտէճեան» վերնագիրը:

Արփէն Մովսիսեան նախապէս ալ Հայաստանի մէջ, կամ Պոլիս այցելած ժամանակ յայտագիրներ արձանագրած էր Հատտէճեանի մասին: Իսկ այս անգամուան յայտագիրը կը բաղկանար հիներուն վրայ աւելցած նոր տուեալներով, որոնք նախապէս չէին հրապարակուած: Կատարուած հարցազրոյցներուն մէջ լայն կարելիութիւն տրուած էր, որպէսզի խմբագրապետը արտայայտեր իր կարծիքը եւ մտորումները ազգային լինելութիւնը շահագրգռող նիւթերու շուրջ, անդրադառնար ազգային ինքնութեան հրամայականներուն, խօսէր մշակոյթի գործօններուն մասին, եւ անցեալի իր յուշերը փոխանցէր հանդիսատեսին, Արփէն Մովսիսեանի ուղղած հարցումներուն միջոցաւ: Յայտագրին մէջ կարեւոր մաս կազմած է Արփէն Մովսիսեանի վերլուծական մեկնաբանութիւնները, որոնք մեկնելով «Յուշատետր»երու խորհուրդէն,  կը պարզաբանէին Ռ. Հատտէճեանի գաղափարական աշխարհը:

Յատկանշական է հաղորդման աւարտին Մովսիսեանի հարցին Հատտէճեանի տուած պատասխանը՝ երբ հարցուցած էր, որ վաղուան յուշատետրը դեռ գրուած չէ՞, Ռ. Հատտէճեան պատասխանած է, որ «Ոչ, վաղուան յուշատետրը դեռ չէ գրուած, ան պիտի գրուի վաղը, ձեր բոլորին հետ ձեռք ձեռքի»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին