Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Հայաստան Կը Մասնակցի Սուրաճգունտի Արհեստներու 30րդ Միջազգային Փառատօնին

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ` Փետրուար 1-15, Հնդկաստանի Սուրաճգունտ պատմական վայրին մէջ տեղի կ’ունենայ Սուրաճգունտի արհեստներու 30րդ միջազգային փառատօնը, որուն արդէն երկրորդ անգամ, ի թիւս այլ երկիրներու, կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով`  այս տարի Հայաստանը կը ներկայացնեն ազգային երաժշտական նուագարաններ պատրաստող վարպետ-երաժիշտ Միխայել Սատոեւը, «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի տնօրէն, նկարիչ-ձեւաւորող Լիլիթ Մելիքեանը եւ կոպելենագործ Անոյշ Եղիազարեանը:

Ծրագիրի համակարգողն է նկարիչ-ձեւաւորող Արեւիկ Պետրոսեանը:

Փառատօնի բոլոր օրերուն հայկական տաղաւարին մէջ կը պատրաստուին հայկական աւանդական երաժշտական գործիքներ, ձեռագործ եւ կոպելենագործ աշխատանքներ: Տաղաւարին մէջ կը հնչէ հայկական աւանդական երաժշտութիւն, մասնաւորաբար տուտուկ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին