Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Երեք Կապիկներու Խաղը

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Երէկ տեղեկատուական աղբիւրէ մը լսեցի, որ Եւրոպա ապաստանարան փնտռող սուրիացի ընտանիքներու զաւակներէն՝10,000 անմեղ երախաներ առեւանգուած են:

Որո՞նց կողմէ: Մարդահէններու՝ մարդկային օրկաններ  վաճառողներու կողմէ: Անմարդկայնութեան գագաթնակէտն է այս:

Սուրիոյ կնճռոտ տագնապը իր տարբեր երեսներով անհանդուրժելի դարձաւ: Կարելի՞ է մարդ արարածը նման բարբարոսութիւններ կատարէ եւ տակաւին մարդ կոչուի: Եւ այս բոլորը կատարուին ի տես աշխարհի մը, որ ինքզինք քաղաքակրթուած կը կոչէ: Աշխարհ մը որ երեք կապիկներու խաղը կը խաղայ՝ չտեսայ, չլսեցի եւ ոչինչ ունիմ ըսելիք:

Ատենին Չարլզ Տարուին տեսութեամբ մը մէջտեղ ելաւ, թէ մարդը անասունէ յառաջացած է: Հակառակ Տարուինի տեսութեան հանդէպ ունեցած վերապահութեանս, վերոյիշեալը դէպքը ինծի մտածել կու տայ այսօր , որ ոչ թէ մարդը անասունէ եկած է, այլ յստակօրէն դէպի անասնութիւն կ’երթայ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին