*ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ*
Դամասկոսի Տէր Աթիէի մէջ կայացած մարաթոնի մրցումներուն, Հալէպի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստ Գազէզեան, որ կրցաւ ներկայանալ բարձրորակ մակարդակով եւ գրաւել երկրորդ դիրքը` արժանանալով արծաթեայ մետալի: Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ը:
Քրիստ հինգ քմ. արագ քալուածքի մարաթոնին արդէն կրցաւ ինքզինք ներկայացնել որպէս խոստմնալից ապագայ աստղ եւ արժանանալ կազմակերպող մարմինի գնահատանքին: Նշենք, թէ Քրիստ վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ աթլէթի զանազան մրցումներու եւ յաջողեցաւ արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ: Քրիստը Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի ԺԱ. կարգի ածակերտ է: