Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Յանձնախումբի Եզրափակիչ Նիստ Աւստրիոյ Մէջ

Յունուար 30-ին Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան «Հայաստան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է՝ Աւստրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբի եզրափակիչ նիստը, որ վարած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նիստի ընթացքին ամփոփուած են 2013-2015-ի ընթացքին Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, գիտակրթական, մշակութային ու մարզական ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ քննարկուած են բոլոր այն նախագիծերը, որոնք հասարակական լայն հնչողութիւն ստացած են ինչպէս Աւստրիոյ եւ Հայաստանի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ:

Յատուկ ընդգծուած է հայոց պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկուն վերաբերեալ՝ Աւստրիոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններու պատասխանատուութեան իրենց մասը ընդունելու, 100ամեայ վաղեմութեան փաստերու առնչութեամբ համերաշխ դիրքորոշում յայտնելու անկեղծ պատրաստակամութիւնը: Այդ առնչութեամբ առանձնացուած է Աւստրիոյ դաշնային խորհրդարանին կողմէ 2015 Ապրիլ 22-ին ընդունած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող ու դատապարտող յայտարարութիւնը, տեղական մարմիններու (մասնաւորաբար Վիեննայի քաղաքային իշխանութիւններու) նմանօրինակ յայտարարութիւնները, Աւստրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ քարտինալ Շէոնպորնի հովանաւորած ձեռնարկները:

Մշակութային ձեռնարկներէն ամենահնչեղները ճանչցուած են հայ մշակոյթի փառատօնը Աւստրիոյ մէջ, Կարէն Ասատրեանի եւ իր ղեկավարած Armenian Spirit խումբի Աւստրիոյ բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած համերգները, Վիգէն Գզարթմեանի «Վերածնունդի արմատներ» համերգային նախագիծի կատարումը Հայաստանի երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբին կողմէ:

Շնորհիւ աւստրիական լրատուամիջոցներու կողմէ տուեալ եւ շատ այլ ձեռնարկներ մշտապէս լուսաբանելու հանգամանքին` հայ ժողովուրդի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին տեղական ռատիոյի ու հեռուստատեսութեամբ ներկայացուած հեռուստաշարքերու, թերթերու տպագրութիւններու, բոլոր ձեռնարկները լայն արձագանգի արժանացած են աւստրիացի հանդիսատեսի եւ հասարակայնութեան մէջ:

Ամփոփելով վերջին տարիներուն արգասաբեր գործունէութիւնը, դեսպան Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, աւստրիահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն` իրենց անմնացորդ աշխատանքին համար:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Կիրակոսեան ՀՀ նախագահի շնորհակալագրերը յանձնած է՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորհուրդի վարչութեան ատենապետ Ռուբինա Ղազարեանին, աւստրիահայ գործարար Հայկ Ասենպաուըր-Ճգնաւորեանին եւ յանձնախումբի միւս անդամներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին