*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Արհեստաւորներու համար շաբաթ օրերու յետմիջօրէները ամենահաճելի ժամերն են: Անոնք աւարտելով իրենց գործերը, արհեստանոցի մը մէջ կը հաւաքուին եւ գարեջուրի բաժակներու եւ պիստակի ընկերակցութեամբ զուարճանալով իրար հետ կը զրուցեն ու հաճելի ժամեր կ’անցնեն:
Պայծառ շաբաթ օր մըն էր. դրացի արհեստաւորներ իրենց սովորութեան համաձայն հաւաքուած էին, շաբաթուայ անցուդարձներու վրայով կը զրուցէին եւ գարեջուր խմելով ժամանակ կ’անցնէին:
- Կը յիշէք Յակոբը՝ Հալէպէն եկած քեռորդիս,- ըսաւ մէկը -, երկու օրեր առաջ վերջնականօրէն Գանատա գաղթեց:
- Իմ ալ հօրաքոյրս եւ իր ընտանիքը գալ երեքշաբթի օր պիտի երթան,- աւելցուց երկրորդ մը:
- Ըստ երեւոյթին գաղթի դուրը լայն բացեր են, որովհետեւ վերջերս շատ կը լսեմ նման ճամբորդութիւններու մասին:
- Երանի մենք ալ կարողանանք երթալ. կացութիւնը հոս հետզհետէ կը վատթարանայ:
- Ախ՜… Երանի՜…։
Այս մի քանի հոգինոց հաւաքին «անմեղ» խօսակցութիւնը, շատ չանցած իրենց շրջանակին մէջ հարթի վրայ տարածուող կրակի նման եղաւ: Անոնց բոլոր մօտիկներուն բերանը մէկ խօսք կար այլեւս՝ ախ՜, երանի մենք ալ ճամբորդենք:
Այս յանկերգը՝ երանի մենք ալ ճամբորդենք, համաճարակի նման տարածուեցաւ: Ճամբան քալած ժամանակ աջէն-ձախէն այս բառերը կը լսես՝ երթանք, միայն երթանք. կարեւոր չէ ուր, միայն երթանք. այս երկիրէն դուրս ելլենք: Նման այն երգի բառերուն, որ կ’ըսէ՝ ախ տանէին տանէին, հօրս տունէն հանէին: Նոյն երգն Է, որ սակայն ներկայիս տարբեր բառերով կը կրկնուի:
Անգլերէն առած մը կայ որ կ’ըսէ՝ ցանկապատին միւս կողմը խոտը միշտ աւելի կանաչ է (The grass is always greener on the other side of the fence): Ցանկապատին այս կողմի խոտերուն չոր ըլլալուն պատճառաւ, մեր երեւակայութիւնը երազ մը կը ստեղծէ մեր միտքերուն մէջ, թէ ցանկապատին միւս կողմի խոտերը պէտք է, որ աւելի կանաչ ըլլան: Արդեօ՞ք: Արտօնեցէք, որ ձեզի սուրբ գրային պատմութիւն մը պատմեմ, հաւանաբար որպէս օրինակ ծառայէ մեզի: Ծննդոցք գիրքը կը յիշէ, որ Աբրահամի օրերուն ջուր ապահովելու տագնապ մը պատահեցաւ: Արջառներուն ջուր ապահովելը դժուարացաւ՝ բան մը, որ հարց ստեղծեց Աբրահամի հովիւներուն եւ իր եղբօրորդիին՝ Ղովտի հովիւներուն միջեւ: Խնդիրը հասաւ Աբրահամին ականջը։ Աբրահամ Ղովտին ըսաւ՝ մենք ազգականներ ենք եւ վայել չէ, որ մեր միջեւ խլրտումներ ըլլան: Եկուր համաձայնինք չհամաձայնելու: Հոս ջուրի տագնապ կայ. ընտրէ քեզի համար հողատարածք մը, ուր դուն եւ ընտանիքդ կարենաք ապրիլ. իսկ ես քու ընտրութեանդ հակառակ կողմը պիտի ընտրեմ եւ հոն երթամ: Ղովտ, կը յիշէ Ս. Գիրքը, աչքերը բարձրացուց եւ Սոդոմի՝ հսկայ քաղաքին գեղեցկութիւնը տեսաւ ու հմայուեցաւ: Բարգաւաճ եւ գեղեցիկ քաղաք մըն էր, որու բոլոր տուեալները կ’ենթադրէին, որ Ղովտ ապահով եւ փայլուն ապագայ մը կրնար ունենալ հոն: Սակայն այն ինչ որ Ղովտի աչքին անմիջականօրէն գեղեցիկ երեւցաւ, Ղովտի եւ իր ընտանիքին կործանումի պատճառ եղաւ: Իսկ Աբրահամ, որուն ընտրութիւնը աստուածային սկզբունքներու համեմատ էր, հաւատքի հայր դարձաւ բոլոր ազգերու:
Միջին Արեւելքը ճգնաժամային պահեր կ’ապրի: Ներկան ոչ այնքան ապահով է, իսկ ապագան անորոշ: Շատ մը գաղափարներ կ’անցնին մեր միտքերէն: Իհարկէ արդարացի է հարցնել՝ «ի՞նչ պիտի ընենք»: Այո հոս պատերազմներ եւ պատերազմի լուրեր կը շրջապատեն մեզ. սակայն ու՞ր պատերազմ չկայ: Պատերազմը միեւնոյնն է, սակայն տարբեր դիմակներով: Նպատակը այս պատերազմներուն մեզ եւ մեր ներկայացուցած արժէքներն ու սկզբւնքները ոչնչացնել է: Անոր համար արտօնեցէք, որ ըսեմ՝ Ճակատագրական որոշումներ բաժակ մը գարեջուրի շուրջ եւ կամ ասոր անոր ըսի-ըսաւներուն հիման վրայ չենք կրնար առնել: Մենք մեր նախնիները մեծարող ազգ մըն ենք: Բայց արդեօ՞ք անոնց մեծարումը միայն ճառերով եւ խօսքով է. անոնց օրինակը ոչի՞նչ կ’ըսէ մեզի: Ջարդէն պրծած բուր մը ժողովուրդ, մերկ, անօթի, թիթեղեայ տուներու տակ ապրեցան շրջանին այդ ժամանակուան ամենատագնապալի օրերուն: Ոչ միայն որովհետեւ Առաջին աշխարհամարտի աւերէն դուրս եկած էին, այլ որովհետեւ Օսմանեան արդէն իսկ հիւանդ կայսրութիւն կը քայքայուէր եւ իրարանցում կը տիրէր ամէն կողմ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Անոնք բոլոր դժուարութիւնները յաղթեցին՝ կրցան պայքարով գոյատեւել մինչեւ խաղաղութեան արշալոյսը ծագեցաւ իրենց վրայ: Արդեօք մենք ինչպէ՞ս կը մտածենք հիմա: Կը նմանի՞նք մեր նախնիներուն:
Ըստ իս ներկան տակաւին այն չափի չէ հասած, որ իրարանցում ստեղծուի «երթանք, թէ մնանք»ի: Ի վերջոյ շատեր գիտեն, որ քաղաքականութիւն ըսուածը հիմքեր եւ սկզբունքներ չունի ու անգուշակելի է: Ինչպէս որ ամէն ինչ իրար անցած է հիմա, կարելի է օր մըն ալ արթննանք եւ բոլորը վերջ գտած տեսնենք: Պարզապէս մեր ետին նայինք եւ շատ մը նման դէպքեր պիտի գտնենք:
Ըսածս այն է հայեր, թէ ճակատագրական որոշումները հապճեպով եւ առանց հետեւանքները հաշիւ ընելու առնել չըլլար: Մտածենք մեր զաւակներու հայ եւ մարդ մնալու մասին. մտածենք ազգին մասին: Ծամծմուած լոզունգ է գիտեմ, սակայն դարձեալ կ’արժէ մտածել:
Ամէն ինչ որ կը փայլի անպայման ոսկի չէ…։






