Չորեքշաբթի, 18. 02. 2026

spot_img

Տիլմա Ռուսէֆը Օրինակ Երիտասարդութեան

*ՍԵՒԱԿ   ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերի նկարին մէջ երեւցողը Տիլմա Ռուսէֆն է… 23 ամեայ պրազիլցի աղջիկը, պուլկարիայէն Պրազիլ գաղթած հօրմէ… նկարը առնուած է պրազիլական զինուորական դատարանին մէջ իր դատավարութեան ընթացքին… թուականը՝ 1970…։ Նկարին մէջ երեւցող դատաւորները իրենց ամօթէն երեսնին ծածկած են՝ լսելով այն աներեւակայելի չարչարանքներուն մասին, որ երիտասարդուհին կրած է ոստիկանութեան մօտ իր հարցաքննութեան եւ յետոյ փոխադրուած բանտին մէջ…:

Այդ տարիներուն զինուորականներու ձեռքը ինկած Պրազիլին մասին աշխարհը շատ բան չէր գիտեր՝ բացի անոր ֆութպոլէն ու ֆութպոլի թագաւոր պրազիլցի Փելէէն…։

Պրազիլ յաղթեց Իտալիոյ… Փելէն Մոնտիալի յաղթանակի բաժակը բարձրացուց… նոյն օրերուն Տիլմա Ռուսէֆ բանտարկուեցաւ երեք տարուան համար՝ զինուորական բռնատիրական  կարգերով պետութեան դէմ ըմբոստութեան մեղադրանքով…։

Այսպէս է բռնատիրութիւնը… որուն տիրապետութեան տակ իւրաքանչիւր ազատ անձ կը մտահոգէ բռնատէրը ու կը սպառնայ անոր անօրէն գոյութեան…:

Տիլմա Ռուսէֆ Պրազիլի նախագահուհին է այսօր: Ան իր նախորդին՝ Տի Սիլվային քայլերուն հետեւելով, Պրազիլը ֆութպոլային երկրէ մը վերածեց՝ ամէն մարզերէ ներս տնտեսապէս հզօր պետութեան…։

Փելէն ատենին ժամանակաւոր ուրախութիւն պարգեւեց աղքատ պրազիլցիներու սիրտերուն… սակայն չյաջողեցաւ հաց ապահովել անոնց…:

Տիլմա բանտարկուեցաւ, չարչարանքի եւ բռնարարքներու ենթարկուեցաւ՝ աղքատներուն կեանքը բարելաւելու իր պայքարի ընթացքին…։

Շնորհիւ այդ քաջ կնոջ, այսօր անոնցմէ շատեր անգործ, հացի կարօտ ու անօթի չեն այլեւս…:

Այսօր՝ լիբանանցի տղաք ու աղջիկներ շատ բան ունին սորվելիք Տիլմա Ռուսէֆէն… Հայաստանի երիտասարդութիւնն ալ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին