Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Պետութիւնը Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Սուրիահայերու Ընկերային, Իրաւական Եւ Կրթական Խնդիրներու Լուծման

Հայաստանի կառավարութիւնը 2016 թուականին բուռն աշխատանքներ պիտի իրականացնէ Հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերուն, որոնց մէջ սուրիահայերուն` հասարակութեան ընդելուզման գործընթացի արագացման եւ այդ ուղղութեամբ կառուցակարգերու ներդրման ուղղութեամբ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»­ը, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու իրականացումը ընդգրկուած է կառավարութեան ընթացիկ տարուան գերակայ ծրագիրներու շարքին:

Ըստ գործադիրին տարբեր երկիրներէ սփիւռքահայեր կը շարունակեն տեղափոխուիլ Հայաստան, հետեւաբար մեր երկիրին մէջ սփիւռքահայերու ընդելուզման տարաբնոյթ ծրագիրներու մշակումն ու իրականացումը հնարաւորութիւն կու տայ անոնց՝ ինքնադրսեւորման նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու:

Հաշուի առնելով Հայաստան ժամանած սփիւռքահայերու պահանջներն ու կարիքները կը նախատեսուի՝ անոնց ընդելուզումը դիւրացնող նախորդ տարիներուն ընդունուած իրաւական գործերուն համաձայն կազմակերպել աջակցութիւն, իրականացնել ծրագիրներ, միջոցներ` ընկերային, իրաւական, կրթական խնդիրներու լուծման նպատակով:

Ծրագիրներու իրականացման արդիւնքով պիտի մշակուին ու իրականանան սփիւռքահայերու, մասնաւորաբար սուրիահայերու կրթական, մշակութային ընդելուզման նպաստող բազմաբնոյթ միջոցառումներ, անհրաժեշտ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի սուրիահայ դպրոցականներու եւ ուսանողներու կրթական գործընթացի կազմակերպման, յատկապէս ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման: Կ՛ակնկալուի նաեւ խրախուսել Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու ծրագրային նախաձեռնութիւնները, օժանդակել Հայաստանի մէջ գործող սփիւռքահայերու հասարակական միաւորումներուն, սփիւռքահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող կառոյցներու առնուազն 3 միջոցառումներու կազմակերպման, լեզուական հարցերու կարգաւորման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին