Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Սլովաքիոյ Գոշիցէ Քաղաքին Մէջ Հայկական Խաչքար Օծուած է

Յունուար 31-ին Սլովաքիոյ Գոշիցէ քաղաքի Սուրբ Եան Միլոստիւիի (sv. Jոna Milostiveho) ուղղափառ տաճարին մէջ տեղի ունեցած է պատարագ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու, որ մատուցած են Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոփոլիտ Ռաստիսլաւը եւ Միխայելովիցէի ու Գոշիցէի արքեպիսկոպոս Եուրա Սդրանսքին: Այս մասին կը հաղորդէ Չեխիոյ «Օրեր» պարբերականը:

Պատարագը ուղիղ եթերով հեռարձակուած է Սլովաքիոյ հեռուստատեսութեան 2-րդ ալիքով: Պատարագին ներկայ եղած են ինչպէս Գոշիցէի բազմաթիւ հաւատացեալներ, այնպէս ալ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Պատարագէն ետք տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հայկական խաչքարի օծման կարգը, որուն մասնակցած են նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոփոլիտ Ռաստիսլաւը, ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանը, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սքանտինաւեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տիրան վարդապետ Պետրոսեանը, Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեանը: Պաշտօնական հրաւէրով ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը:

Խաչքարի օծման արարողութեան Ս. Փեթերզպուրկէն ժամանած է պատկառելի պատուիրակութիւն մը`  բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս հոգացած է խաչքարի պատրաստման, տեղափոխման եւ տեղարդման ծախսերը:

Խաչքարի տեղադրման գաղափարը ծագած է անցեալ տարի Ապրիլին, Երեւանի մէջ Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեանի եւ Միխայելովիցէի ու Գոշիցէի արքեպիսկոպոս Գէորգիի (Եուրայի)  հանդիպման ժամանակ:

Խաչքարի օծումէն յետոյ տրուած է պաշտօնական ճաշ, որմէ ետք հոգեւոր դասը Հայաստանի դեսպանին հետ այցելած է Գոշիցէի մէջ բնակող հայ գործարար Ժորա Չուկուրեանի գործարարական տարածք, ուր անոր ուժերով կառուցուած է հայկական մատուռ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին