Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Պիտի Շնորհք Պատրիարքի Վախճանման 25-Ամեակը Յիշատակուի Ստանպուլի Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, 29 Յունուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելութիւն տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Տեսուչ Հայր Սուրբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր հետ խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալու համար կը գտնուէր Պոլիս։ Հայր Սուրբը յիշեցուց, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարք, 1941ին պաշտօնի կոչուած էր որպէս Դպրեվանքի տեսուչ։ Դպրեվանքի ներկայ տեսչութիւնն ալ, իր նախկին տեսուչին նկատմամբ երախտագիտական զգացումով տոգորուած մշակած էր ծրագիր մը. Պոլսոյ մէջ, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբով համերգ մը սարքել, զայն ձօնելով Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25 ամեակին։ Տեսուչ Հայր Սուրբը, այս ուղղութեամբ գաղափարը շօշափեց Արամ Սրբազանին եւ ունեցան գաղափարի փոխանակում։

Արամ Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց Թորգոմ Վարդապետին եւ զինքը շնորհաւորեց սոյն ծրագիրի մտայղացման համար։ Ինք հաւանութիւն տուաւ, որպէսզի Ս. Զատկի Տօնակատարութիւններէ յետոյ կատարելի հանդիսութեամբ, անգամ մը եւս պանծացուի Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի յիշատակը։

Յետ հանդիպման որոշուեցաւ 10-17 Ապրիլ թուականներու միջեւ, երաժշտական երեկոյ մը կազմակերպել, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը։ Յառաջիկային սոյն հանդիսութեան մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուի հանրութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին