ՀՀ Նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան (ՊՆ) Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ եղան նաեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարները, ՀՀ զինուած ուժերու բարձրագոյն ղեկավար կազմը, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, օտարերկրեայ բարձրաստիճան հիւրեր, գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` հանրապետութեան նախագահը շրջեցաւ համալսարանի նորակառոյց մասնաշէնքին մէջ, ծանօթացաւ հաստատութեան ծրագիրներուն, համալսարանի գործունէութեան համար ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս` հետազօտական-կրթական նպատակներու ծառայող աշխատասենեակներու հնարաւորութիւններուն, որմէ ետք ներկայ գտնուեցաւ համալսարանի բացման նուիրուած հանդիսաւոր նիստին:
ՀՀ ՊՆ Դրաստամատ Կանայեանի անուան Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի պետ, զօրավար-գնդապետ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Հայկ Քոթանջեանի զեկոյցէն ետք, նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են՝ ԱՄՆ պաշտպանական ազգային համալսարանի Տուայտ Դ. Այզընհաուըրի անուան ազգային անվտանգութեան եւ հնարաւորութիւններու կառավարման ռազմավարութեան դպրոցի փրոֆէսոր Ճէյմս Քիգլը, Հարվըրտի համալսարանի Ճոն Ֆ. Քենետիի անուան պետութեան հետազօտութիւններու դպրոցի ազգային անվտանգութեան ծրագիրի տնօրէն, զօրավար-հարիւրապետ, փրոֆէսոր Թետ Օլսթրեոմը, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի (համալսարանի) Եւրաատլանտեան անվտանգութեան կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Ալեքսանդր Նիքիթինը:
Համալսարանի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն. ՀՀ նախագահի հրամանագիրերով, ՀՀ ՊՆ պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի հիմնադրման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար Ճէյմս Քիգլը, Թետ Օլսթրեոմը, Ալեքսանտր Նիքիթինը եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար, ՀԱՊԿ գիտափորձագիտական խորհուրդի նախագահ, զօրավար-գնդապետ Նիքոլայ Պորտիւժան պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան մետալով: