Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ղեւոնդ Երէց

*Պատրաստեց՝ ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ*

Ղեւոնդ Երէցի անունը միշտ կը յիշուի Վարդան Մամիկոնեանի եւ Աւարայրի ճակատամարտի յիշատակման հետ: Հայ Առաքելական եկեղեցին Բուն Բարեկենդանին նախորդող Հինգշաբթի օրը՝ կը  նշէ Վարդան զօրավարաց տօնը, իսկ անկէ երկու օր առաջ՝ Երեքշաբթի օր եկեղեցական արարողութեամբ կը տօնուի Սրբոց Ղեւոնդեանց օրը:

Ղեւոնդ Երէց կամ Ղեւոնդ Վանանդեցիին ծննդեան թուականը անյայտ է, մինչ մահուան թուական կը նշուի 454ը, այսինքն Աւարայրի ճակատամարտէն երեք տարիներ ետք: Ան եղած է եկեղեցական գործիչ, իսկ հինգերորդ դարու կէսերուն հայ ազատագրական պայքարի (Վարդանանց պատերազմ) մասնակից:

Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի աշակերտ եղած Ղեւոնդ Երէց, մասնակցած է 444 թուականին գումարուած Շահապիվանի ժողովին: 450ի ամրան գլխաւորած է Անգղի բնակչութեան յարձակումը պարսիկ մոգերու վրայ, որոնք փորձած են  տեղւոյն եկեղեցին ատրուշանի վերածել:

Ան մասնակցած է Աւարայրի ճակատամարտին (451թ.), ելոյթներով կռուողները ոգեւորելով: Քրիստոնէութեան ջատագովման նուիրուած Ղեւոնդ Երէցի քարոզները, Պարսկաստանի նուաճողական քաղաքականութեան (որ զուգակցուած էր հայերը հաւատափոխ ընելու հետ) պայմաններուն ներքեւ, նպաստած են ազգային-ազատագրական պայքարին:

Աւարայրի ճակարամարտէն ետք Ղեւոնդ Երէց գերեվարուած է եւ աքսորուած Ապար, այժմ Խորասանի Նիւշապուհ քաղաքը, ուր սպաննուած է որոշ ժամանակ մը ետք: Ղեւոնց Երէցի անունը միշտ կը յիշատակուի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին