Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Իրաքի Վարչապետը Կարեւոր Համարած Է Հայ Համայնքին Դերը Երկիրի Զարգացման Մէջ

Եզրափակիչ արձանագրութեան ստորագրութեամբ Յունուար 27-ին Պաղտատի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց՝ Հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Իրաք այցելութեան ընթացքին հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական կողմի համանախագահ Արմէն Երիցեան, Յունուար 27-ին հանդիպում  ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ: Հանդիպման ընթացքին վերջինիս փոխանցուած են ՀՀ նախագահի եւ վարչապետի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ Իրաքի պայքարի վերաբերեալ: Արմէն Երիցեան յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը՝ Իրաքի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ ընդլայնելու վերաբերեալ ու ներկայացուցած է առկայ դրական յառաջընթացի բարձր չափերը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Իրաքի վարչապետը նշած է, որ քարիւղի գիներու անկման պատճառով կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ, նոր ոլորտներու մէջ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման` այս առումով կարեւոր տեղ յատկացնելով Հայաստանին: Վարչապետը իր քաջատեղեակութիւնը ցուցադրած է իրաքահայութեան խնդիրներուն վերաբերեալ եւ յատուկ նշած հայ համայնքի դրական դերակատարութիւնը երկիրի զարգացման գործին մէջ: Հայտար Ապատին յայտարարած է, որ Իրաքի կառավարութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ անոնց արտագաղթը կանխելու նպատակով կը ձգտի ստեղծել նպաստաւոր կենսական պայմաններ:

Հանդիպման աւարտին վարչապետ Ապատին իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է ՀՀ նախագահին, լաւագոյն մաղթանքները յղելով Հայաստանի ժողովուրդին:

Նոյն օրը Արմէն Երիցեան հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Իրաքի առեւտուրի նախարար Մուհամմետ Շիա ալ Սուտանիի եւ երթեւեկութեան նախարար Պաքիր Ճապր ալ Զուպայիտիի հետ:

Առեւտուրի նախարարը հրաւիրած է հայկական ընկերութիւնները օգտուելու Իրաքի մէջ ստեղծուած հնարաւորութիւններէն, մասնակցելու Պաղտատի միջազգային ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ յայտարարուող յայտերուն:

Երթեւեկութեան նախարարին հետ քննարկուած են Պաղտատ-Երեւան ուղիղ չուերթի հետ կապուած հարցերը, ինչպէս նաեւ Իրանի միջոցով ցամաքային բեռնափոխադրումներ իրականացնելու խնդիրները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին