Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Այվազովսկիի 100 Գեղանկարչական Եւ 50 Գծագրական Ստեղծագործութիւններ Այս Տարի Կը Ներկայացուին Մոսկուայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Թրեթեաքովեան պատկերասրահի եւ Ռուսական թանգարանի ղեկավարութիւնը որոշում ընդունած են, Յովհաննէս Այվազովսկիի ցուցահանդէսի այցելութեան շրջաններ կիրառել` նպատակ ունենալով այդ կերպով կանխել մարդոց հնարաւոր կուտակումները, կը յայտնէ «Արմէնփրէս»:

Ցուցահանդէսը Յուլիս 28-էն մինչեւ Նոյեմբեր 20 տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի, իսկ Նոյեմբերի վերջէն մինչեւ 2017 թուականի Փետրուարը` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած Է Թրեթեաքովեան պատկերասրահի գլխաւոր տնօրէն Զելֆիրա Տրեկուլովան, կը տեղեկացնԷ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

Աշխարհահռչակ ծովանկարիչի ցուցահանդէսը նուիրուած Է անոր 200-ամեակին, որ պիտի նշուի 2017 թուականին: Այցելուները պիտի տեսնեն Այվազովսկիի 100 գեղանկարչական եւ 50 գծագրական ստեղծագործութիւններ:

«Մենք որոշում ընդունեցինք Այվազովսկիի ցուցահանդէս այցելութեան ժամանակացոյց կիրառել եւ համացանցի վրայ տոմսերը նոյնպէս վաճառել ըստ ժամանակացոյցի, որպէսզի մարդիկ հասկնան, որ եթէ իրենց տոմսը ժամը 10-ի համար Է, ապա անոնք պէտք Է գան ժամը 10-ին, որպէսզի ժամը 12-ին դուրս գան շէնքէն», ըսած Է Տրեկուլովան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին