Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Հալէպի Հիւպատոսը ՀՀ Նախագահին Նուէրը Փոխանցեց Վարժարաններու Տնօրէններուն

ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Յունուար 25-ին հիւրընկալեց հալէպահայ վարժարաններու տնօրէնները։ Հանդիպման ընթացքին գլխաւոր հիւպատոսը նախ բարի գալուստ մաղթեց հրաւիրեալներուն՝ նշելով, որ հիւպատոսութեան դուռը միշտ բաց է բոլորին դիմաց՝ ողջունելու եւ օգնութիւն մատուցելու մեր հայրենակիցներուն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Գանձասարը»:

Գլխաւոր հիւպատոսը շեշտեց, որ սուրիահայութեան եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան խնդիրները, ՀՀ նախագահին եւ իշխանութիւններուն ուշադրութեան կիզակէտը կը մնան։ Ապա աւելցուց, որ ՀՀ Սուրիոյ դեսպանատունը եւ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը պիտի շարունակեն ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ հնարաւորինս թեթեւցնելու սուրիահայութեան դժուար կենցաղն ու գործունէութեան ծանր պայմանները։ Գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ կրթական մշակներուն՝ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայոց այբուբենը, գրականութիւնն ու պատմութիւնը սորվեցնելու համար։ Այնուհետեւ ան հայկական վարժարաններու տնօրէններուն փոխանցեց՝ Ամանորի եւ Ս․ Ծննդեան առիթներով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հայկական վարժարաններուն յղած շնորհաւորական ուղերձն ու դրամական պարգեւը։ Տնօրէնները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, իշխանութիւններուն եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին՝ իրենց զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Անոնք շեշտեցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութիւնը ուժ եւ կորով կը ներշնչէ ու աւելի կը գօտեպնդէ սուրիահայ համայնքն ու հայկական վարժարանները։

4

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին