Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«100-ն Անց…». Լուսանկարներու Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

Փետրուար 2-ին` ժամը 13:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու Երեւանի պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ (հասցէ` Արգիշտի 1/1) «100-ն անց…» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման:

Ցուցահանդէսի մտայղացումը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականինն է` համագործակցութեամբ «Եռագոյն» արեւմտահայերէն պարբերականին եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին:

Լուսանկարներուն մէջ, որոնց հեղինակը Իննա Մխիթարեանն է, ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներ, մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տեղանունները կրող անձիք, որոնց շնորհիւ 100 տարի անց ալ հայկական մշակոյթը շարունակեց ապրիլ ու զարգանալ:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 3 օր` մինչեւ Փետրուար 4:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին