Յունուար 26-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ԱՄՆ Կլենտէյլ քաղաքի Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հեռուստակամուրջ, որ ուղիղ կը հեռարձակուէր Կլենտէյլի հայկական «ԷյԷյՊիՍի-Հայ Վիժըն» հեռուստատեսութեամբ` սփռուելով նաեւ Մեքսիքոյի եւ Գանատայի տարածքներուն մէջ: Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, Համահայկական ծրագիրներու եւ Ամերիկայի հայ համայնքներու վարչութիւններու եւ նախարարութեան այլ աշխատակիցներ: Կլենտէյլէն կը մասնակցէին Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան վարչութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան, կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեա Ծատուրեան, հայոց լեզուի ուսուցիչներ Սիրանոյշ Բակունց եւ Կարինէ Պապայեան, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Կարպետեան, Կլենտէյլի կրթական խորհուրդի անդամ Արմինէ Կարպետեան, Պըրպենքի կրթական խորհուրդի անդամ Արմոնտ Աղախանեան, Պալպոայի եւ Թոմաս Ճեֆըրսոն տարրական դպրոցներու տնօրէնններ Սոնա Առաքէլեան եւ Մարինէ Աւագեան, Համաշխարհային հայկական գոնկրէսի խորհուրդի անդամ Մարատ Հայրապետեան, Լոս Անճելոսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան եւ այլք: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։
Քննարկուեցան ԱՄՆ պետական դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն համար հայոց լեզուի իմացութեան ու պահպանման ուղղուած աշխատանքները, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն, հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ապահովելու հարցերը:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` նախարար Հ. Յակոբեան մասնաւորաբար նշեց. «Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը խոշոր եւ կարեւոր հաստատութիւն է, որ կը միաւորէ շուրջ երեք տասնեակ դպրոցներ ու հայապահպանական կարեւոր գործունէութիւն կ՛իրականացնէ: Այսօր դժբախտաբար վտանգուած է մեր լեզուն, ձուլման գործընթացը աւելի արագացած է: Մենք կը խոնարհինք այն մարդոց առջեւ, որոնք մտահոգուած են այս հարցով, կը համախմբուին, որ պահեն ու պահպանեն լեզուն: Յատկապէս Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը, որ կրնայ նաեւ օտար դպրոցներու մէջ հայոց լեզուի պահպանման ծրագիրներ իրականացնել: Մեր ազգին առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրի լուծման ուղղուած են նաեւ մեր նախարարութեան շատ ծրագիրներ: Կը ցանկայի, որ «Սփիւռք» ամառանային դպրոցի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցին նաեւ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան բոլոր 29 դպրոցներու ուսուցիչները: Կարեւոր ծրագիրներէն է նաեւ հայերէնի արագացած ուսուցման դասընթացքները: Սիրով կը հրաւիրենք Հայրենիք` անվճար կատարելագործելու հայերէնի իմացութեան մակարդակը: Կարեւոր է, որ կրթական գործի կազմակերպիչները ուշադրութիւն դարձնեն նաեւ «Արի տուն» ծրագիրին, որու ընթացքին կը ստեղծուի հետաքրքրական միջավայր, աւելի քան 30 երկրներու երախաներ կը հանդիպին Հայրենիքի մէջ, կը ծանօթանան միմեանց եւ կը կապուին Հայաստանի հետ: Շատերը յետոյ կու գան Հայաստան իրենց ուսումը շարունակելու, իրենց հետ կը բերեն ընկերները եւ ծնողքը: Իսկ շատ կարեւոր է, որ կը սորվին հայերէն, կը ծանօթանան հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին: Այս տարի պիտի նշենք Հայաստանի անկախութեան 25 ամեակը: Կ՛ուզեմ յիշէք ու հպարտանաք, որ 12 միլիոննոց ազգ են, ուժեղ ենք, հզօր եւ միասնաբար պէտք է ամէն ջանք ուղղենք հայու եւ Հայաստանի շէնացման»:
Հայապահպանութեան խնդիրներու մասին խօսեցաւ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան: Ան համառօտ կերպով ներկայացուց հաստատութեան գործունէութեան նպատակներն ու հիմնական ուղղութիւնները՝ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ մեծ թիւով հայ աշակերտներ կը յաճախեն ամերիկեան պետական ու մասնաւոր դպրոցներ եւ անոնց ուծացման վտանգը աւելի մեծ է: Հեռուստակամուրջին մասնակցող ուսուցիչները նշեցին, որ Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը ամերիկեան դպրոցներու հայ աշակերտներուն համար՝ շաբաթական երկու օրեր կը կազմակերպէ հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասընթացքներ` չորս ժամ տեւողութեամբ: Այլ ծրագիրով մը՝ Քալիֆորնիոյ դպրոցներուն մէջ կրթական ծրագիրով նախատեսուած առարկաներու 50%-ի ուսուցումը կը կազմակերպուի հայերէնով: Հայապահպանութեան եւ հայերէնի ուսուցման գործին մէջ կարեւոր համարուեցաւ նաեւ՝ ծնողներու եւ ընտանիքի դերը, եղան հետաքրքիր առաջարկներ ու հարցադրումներ:
Հայերէնի ուսուցման նրբութիւններուն մասին խօսեցաւ Կրթութեան ազգային հիմնարկի մասնագէտ, հայոց լեզուի մեթոտիստ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գայեանէ Մկրտչեան:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները ներկայացուցին նախարարութեան աշխատակիցները: «Արի տուն» ծրագիրի մասին խօսեցաւ աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեան: Ծրագիրի մասին հետաքրքիր յուշեր պատմեց Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեա Ծատուրեան, մասնաւորաբար նշելով, որ «Արի տուն» ծրագիրը շրջադարձային եղաւ իր որդիին կեանքին մէջ, քանի որ ան կապուեցաւ Հայրենիքին եւ մայրենիին հետ ու այժմ կը շարունակէ խորացնել գիտելիքները հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ասպարէզին մէջ ու կապերը արիտունցիներուն հետ: Օֆելեա Ծատուրեան հիացմունքով նշեց, որ «Արի տուն»ը իրականութիւն է եւ հպարտութիւն: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի 2016թ գործունէութիւնը ներկայացուց ծրագիրի ղեկավար, Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:
Ամփոփելով հանդիպումը Հ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց հետաքրքրական հարցադրումներուն ու միտքերուն համար: Ան մասնաւորաբար նշեց. «Շնորհակալ եմ նաեւ հեռուստաալիքին` այս հետաքրքրական հնարաւորութիւնը ստեղծելու համար, նաեւ հեռուստադիտողներու բազմահազարնոց լսարանին ու հանդիպման մասնակիցներուն` ազգի, պետութեան, ժողովուրդի համար այնչափ կարեւոր այս հարցին անդրադառնալու համար: Մեր նախարարութիւնը Սփիւռքի հետ կ՛աշխատի «Ճանչնալ, վստահիլ եւ գործակցիլ» նշանաբանով: Որքան շատ ճանչնանք միմեանց, այնքան աւելի կը վստահինք իրար եւ աւելի շատ ծրագիրներ կ՛իրականացնենք միասին: Այս տարի Համաշխարհային հայկական գոնկրէսը՝ ինչպէս աւանդաբար կ՛ընէ, պիտի կայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի 25 ամեակին նուիրուած մրցանակաբաշխութիւն: Շարադրութիւններու եւ նկարներու մրցոյթին կրնան մասնակցիլ նաեւ ձեր հաստատութեան աշակերտները: Կ՛ուզեմ ընդգծել Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան կատարած մեծածաւալ աշխատանքը, եւ եթէ կարենանք՝ պէտք է փորձենք ընդլայնել մեր դպրոցներու թիւը: Կոչ կ՛ընեմ 2016թ բոլորիս ջանքերը նպատակաուղղել դպրոցներու թիւը աւելացնելու եւ հայոց լեզուն պահպանելու: Չէ˚ որ ինչպէս իրաւացիօրէն նկատած է Մեծ Ճ. Պայրոնը, Աստծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն հայերէնն է: Պահենք, պահպանենք զայն, որ կարենանք հաղորդակցիլ Աստծոյ հետ»: