Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Հարցազրոյցային Գրական Հանդիպում

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Հակառակ գաղութէս ներս կատարուող բազմաթիւ ձեռնարկներուն, Կիրակի 17 Յունուարի երեկոյեան, գրասէր ընտրանի մը հաւաքուեր էր Ալթատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնը՝ ներկայ ըլլալու Լոս Անճելոսի Հայ Գրողներու Մասնաճիւղին կազմակերպած հարցազրոյցային գրական հանդիպումին, որու թեման «Հայ Գրականութիւնը Եւ Դրա Հետ Առնչուող Խնդիրները Հայաստանի Հանրապետութիւնում Վերջին 20- 25 Տարիների Ընթացքում» հարցադրումն էր:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ժրաջան անդամուհի՝ գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեանի կատարած բովանդակալից բացման խօսքով: Ան հրաւիրեց երեկոյի հարցազրոյցին մասնակիցները՝ տեղ գրաւելու բեմահարթակին վրայ:

Հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտ. Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանը, Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող բանաստեղծ-թարգմանիչ Էտուարտ Հախվերտեանը եւ լոսանճելոսաբնակ բանաստեղծ Հայկ Հրայրը:

Յայտագիրը ընթացք առաւ Քէհէեանի կողմէ հարցադրումներով՝ հայ գրականութեան հետ առնչուող նիւթերու մասին, մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 1991-ին յաջորդող քառորդ դարու ընթացքին ծաւալած հարցերուն:

Առաջին հերթին Փրոֆ. Ա. Սարգսեան անդրադարձաւ՝ յետ խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ ընթերցասիրութեան ահաւոր անկումի պատճառներուն, օրինակ հրատարակութեան սղութեան, գրողներու վարձատրութեան բացակայութեան, էլեքտրոնային «գիրքերու» տարածումին եւ այլն: Է. Հախվերտեան եւս շեշտեց շատ որակաւոր գիրքերու սղութեան հարցը, անդրադարձաւ իր անձնական փորձառութենէն մեկնած դժուարութիւններուն, որոնք կը դանդաղեցնեն գրականութեան զարգացումն ու տարածումը եւ յիշեց մասնաւորաբար այն տարբերութիւնը, որ զգալի է այս շրջանին՝ երբ փոխանակ պետական հովանաւորութեամբ կատարուող 20-30 հազար տպաքանակի, այժմ հեղինակները իրենց նիւթական միջոցներով ստիպուած են 500-700 տպաքանակով բաւարարուիլ: Երեք մասնակիցները շեշտեցին այն իրողութիւնը, որ մշակոյթի կամ գրականութեան հանդէպ տարածուած երեւոյթը անտարբերութիւնը չէ, այլ նիւթական սահմանափակումները գլխաւոր պատճառներն են այսօրուան տիրող տխուր կացութեան:

Հետաքրքրական հարցադրում մըն էր Լիլիթ Քէհէեանի կողմէ՝ Արցախեան հարցին եւ պահանջատիրութեան անդրադարձը Հայաստանի մէջ զարգացող գրական գործունէութեան վրայ: Մասնակիցները դրական մօտեցումով մը ընդունեցին, որ ազգային այս փափուկ հարցը որոշ չափով մտած է մեր գրականութենէն ներս. որպէս դրական օրինակ հանդէս եկաւ մեր գաղութէն ներս ծանօթ հայրենի քանդակագործ-նկարիչ եւ բանաստեղծ Արմէն Պօղոսեան, որ մասնակից դարձած էր արցախեան պայքարին, ընթերցում կատարելու իր հրատարակած վերջին «Զօրավար Անդրանիկ» հատորէն, որ առհասարակ կը վերաբերէր արցախեան թեմային:

Ձեռնարկին մասնակիցները դրականօրէն անդրադարձան ներկայիս հայրենի երիտասարդ բանաստեղծներու գործունէութեան: Քէհէեան այս առիթով հրաւիրեց հիւրաբար Լոս Անճելոս գտնուող հայրենի շատ երիտասարդ բանաստեղծ Դաւիթ Ասատրեանը, ընթերցելու իր չորս բանաստեղծական հատորներու վերջինէն առնուած կտոր մը: Բանաստեղծին կատարած ընթերցումը յուզեց ներկաները:

Բովանդակալից հարցումներու աւարտէն ետք առիթ տրուեցաւ ներկաներուն՝ իրենց հարցումները ուղղելու մասնակից մտաւորականներուն: Շինիչ երկխօսութիւնը թէեւ կարճ տեւեց, սակայն օգտակար էր:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութեամբ:

Արտեմ Սարգսեանը
Արտեմ Սարգսեանը
Էտուարտ Հախվերտեանը
Էտուարտ Հախվերտեանը
Հայկ Հրայրը
Հայկ Հրայրը
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին