Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ Բացուած է Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Յունուար 24-ին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ տեղի ունեցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբան, Քահանայից պատրաստութեան լսարանի պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ վարդապետ Խալաթեանի` գեղանկարի եւ կրաֆիքի անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են 45 նկարներ: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուականը։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանը:

Այս առիթով շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան եւ Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան:

Իր հերթին Ներսեհ վարդապետ շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ ընձեռուած հնարաւորութեան համար, ապա անդրադառնալով իր ստեղծագործական կեանքին, ներկայացուցած է ցուցադրուած աշխատանքները:

Այնուհետեւ շարականներու կատարումներով հանդէս եկած է «Սաղմոսերգու» հոգեւոր երաժշտութեան արական երգչախումբը` խմբավարութեամբ Վահէ Բէգոյեանի:

Արարողութեան ներկայ եղած են Մայր Աթոռի միաբանները, արուեստագէտներ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները եւ այլ հրաւիրեալներ:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 28:

2

3

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին