*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*
Վերացական հարց մը չէ ասիկա հայ ժողովուրդին համար. չկայ ժողովուրդ մը ամբողջ աշխարհի վրայ, որ պէտք ունենայ մտահոգուելու՝ իր միտքը աւելի զբաղցնելու այդ հարցով քան մեր ժողովուրդը:
Կը սիրենք խաղաղութիւնը, ինչպէս բոլոր ազգերը կը յայտարարեն, թէ կը սիրեն խաղաղութիւնը, բայց ոտքէն մինչեւ ակռաները սպառազինութիւնը ամէն կողմ՝ ուրիշ պատմութիւն եւ տարբեր ազդարարութիւն կու տան:
Մեր պարագային մանաւա՛նդ, վիճակը ձգուած է պատերազմին, ու ո՛չ թէ խաղաղութեան:
Կը խորշինք վրիժառութեան պատերազմէն, բայց պատմութիւնը եւ արիւնը իրենց անկորնչելի իրաւունքներն ու անվերծանելի դրդումներն ունին, որ թոյլ չեն տար ազգի մը քնանալ անպատուութեան եւ նահատակութեան դագաղին մէջ:
Կը խորշինք հարկադրանքի պատերազմէն, բայց ապրելու պէտքը զգացում չի ճանչնար, իսկ չստեղծուեցաւ այն համաշխարհային ուժը, որ վաղը խաղաղ իրաւարարութեամբ վճռէր, թէ ո՞վ է բուն տէրը այն հողերուն, որոնց տակ թաղուած են հայ նախնիքներու ոսկորներն ու քաղաքակրթութեան հետքերը, եւ անոնք դեռ քիչ առաջ իրենց ծոցին մէջ առին միլիոնաւոր ամնեղներու արիւնը:
Վաղը Հայաստանը շատ փոքր պիտի գայ շուտ աճռղ մեծ թիւին համար՝ չխեղդուելու, չմեռնելու համար մեր աչքերը դէպի մեր հողերը պիտի դառնան. ո՞վ է որ պիտի վճռէ, թէ արդարութիւն չէ թոյլ տալ, որ աշխարհակալ ընչաքաղցութեամբ եւ քմայքով խոպան ու ամայի մնան այնքան հողեր, երբ անդին անոնց բուն տէրերը, բուն ժառանգորդները շնչահեղձ կ’ըլլան հողի պակասէն:
Կը խորշինք պատերազմէն, բայց ո՞ւր է ապահովութիւնը անոր դէմ, երբ ուժի փիլիսոփայութիւնը իր գիշատիչ ժանիքները կը պահէ, եւ ազգեր կը զինուին, ու կը պատրաստուին հաստատելու համար, թէ աշխարհի արեւը վերապրող զօրաւորինն է: Ո՞ւր է երաշխաւորութիւնը՝ յարձակողական պատերազմին դէմ:
Սիրենք խաղաղութիւնը, բայց վառօդը չոր պահենք, ինչպէս ըսած են իմաստունները: Չփնտռենք պատերազմը արկածախնդրութեան սիրոյն, չաճապարենք պատերազմին համար, բայց մեր պատրաստութիւնը ըլլայ մինջեւ «Վերջին Կոճակը»: Անհոգութիւնը եւ անպատրաստութիւնը նկատենք մեծագոյն ոճիր մեր գոյութեան դէմ: Մեր պատմութեան մէջ շատ պարտութիւններ տուն տարած ենք. յաջորդ պատերազմին մէջ յաղթութեան խորհրդանշաններով պէտք է տուն դառնայ հայ բանակը:
Մեծ թէ փոքր ազգերու համար ամենաիրաւացի նշանաբանն է խաղաղութիւնը՝ արդարութիւնով: Կը նախընտրենք, որ համաշխարհային անաչառ իրաւարարութիւնը տայ այդ արդարութեան խաղաղութիւնը. կը համաձայնինք արիւնի տուրքին, երբ այդ է անխուսափելին: Առանց արդարութեան՝ խաղաղութիւնը զնտանն է, որուն մէջ շնչառութիւնը կը տկարանայ եւ ազգ մը դանդաղօրէն դէպի մահ կը քաշկռտուի:
Հայ ոգին եւ նկարագիրը պէտք է մարզուին ու դաստիարակուին այս խորհուրդով: Ներկայ սերունդը պէտք չէ իր յաջորդ սերունդներուն համար ժառանգ ձգէ մեղկ, թուլամորթ ջիղեր եւ անարդար խաղաղութեան վարժութիւնը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան միշտ պիտի տան հիւանդկախ ու արհամարհուած յատկանիշ մը: Պատերազմը կրնայ հարիւր տարի ետք գալ -անհատներն են, որ ստիպուած են վայրկեաններ եւ օրեր հաշուել իրենց ծրագիրներուն համար – բայց ցեղին ջիղերը ամրացնելու, անոր սիրտէն թուլամորթութիւնն ու երկչոտութիւնը հեռացնելու եւ զայն հոգեկան ու ֆիզիքական քաջութեան ուժերով օժտելու, մէկ խօսքով, նոր հայ ժողովուրդը կերտելու գործը այսօրուընէ պէտք է կատարուի եւ երբեք չթուլնայ իր թափին մէջ:
Հայաստանի մէջ այսօրուան մարդիկը կրնան ընկերային եւ տնտեսական որոշ հայեցողութիններով՝ ըստ իրենց ապրելու եւ լաւ ապրելու հարցին լուծումը գտնել, այդ բոլորը ի զուր են, եթէ ինքնապահպանման ու ինքնապաշտպանութեան մեծ դաստիարակութիւնը չտրուի նոր սերունդի ուսանողութեան, հայ բանակին եւ ամբողջ ժողովուրդին, ինչպէս կ’ըլլայ մեզմէ անհունապէս զօրաւոր ազգերու մէջ, ամէն մէկ անհատէն Հայրենիքը սիրող եւ Հայրենիքին համար կռուող անվեհեր զինուորը դուրս բերելու նշանակէտով: