*Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ*
Ելլելով կարծիքի ազատ արտայայտման սկզբունքէն՝ տեղ կու տանք սոյն յօդուածին, զայն հրատարակելով ամբողջութեամբ՝ անպայմանօրէն սակայն չբաժնելով հոն արտայայտուող բոլոր միտքերը։
«Խմբ.»
Նանսէնի Վկայութիւնը
1921թ. Ապրիլին Կարմիր բանակը մտաւ Երեւան: Կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն՝ Միասնիկեանի վարչապետութեամբ, եւ ասոնք գործեցին իմաստուն չափաւորականութեամբ, ընդհանուր ներում հռչակուեցաւ եւ երկիրը վերակենդանացնելու դժուարին գործին մասնակցելու հրաւիրուեցան ուսեալ դասի հայերը: Յարատեւ պատերազմներու պատճառով աւերուած եւ գաղթականներով խճողուած այս երկիրին մէջ՝ բնականօրէն մեծ էր յուսալքութիւնը: Աշնան երկիրը վերածուած էր կատարեալ սովի երկիրի. հարիւրաւորներ մեռան եւ Ալեքսանդրապոլի ու Երեւանի նման քաղաքներու փողոցները լեցուեցան դիակներով:
Բայց աշխոյժ միջոցներ ձեռք առնուեցան, եւ գերազանցապէս սահմանափակ միջոցներով՝ քանի մը տարուան ընթացքին իրապէս անհաւատալի գործ կատարեցին: Քաոսը, թշուառութիւնը եւ սովը փոխարինուեցան կարգ ու կանոնով, եւ որոշ աստիճանի բարգաւաճում անգամ արձանագրուեցաւ: Եւ հիմա ազգը յարատեւօրէն յառաջ կ’ընթանայ, շատ մը նոր եւ կարեւոր նախաձեռնութիւններով՝ իր կարող կառավարութեան առաջնորդութեամբ: (Fridtjof Nansen, Armenia and the Near East, Antelias, 2011, էջ 316):
Ֆ. Նանսէնի այս վկայութիւնը կը հաստատէ, թէ Սովետահայ իշխանութիւնները ինչպիսի երկիր մը ժառանգեցին նախորդ ռեժիմին եւ եօթ տասնամեակ վերջ՝ ինչպիսի ծաղկուն ու հզօր Հայրենիք մը փոխանցուեցաւ «անկախացած» երկիրի իշխանաւորներուն: Արդեօ՞ք նորաթուխ իշխանաւորները կրցան գէթ պահպաանել 70-ամեայ նոր ոսկեդարին նուաճումները: Ալ չենք հարցներ, թէ յաւելեալ գոնէ մէկ նուաճում կրնա՞ն յիշատակել…:
Գ. Տ.
Նորվեկիացի բազմատաղանդ գիտնական, գրագէտ, արեւելագէտ, տիեզերախոյզ, ովկիանոսագէտ, դիւանագէտ, Ազգերու Լիկայի Գաղթականաց յանձնաժողովի ընդհանուր կոմիսար, «Նանսէնական անցագէտ»ի ախոյեան, խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր, մարդասէր եւ մեծ հայասէր Ֆրիտթժոֆ (Ֆրետիոֆ) Նանսէն (1861-1938), 1922 թուին հրատարակեց իր Armenia and The Near East խորագրեալ հատորը (վերահրատարակուած 2011-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարապէն), որուն 328 էջերը այս օրերուն, հիւանդութեանս առիթով, վերստին առիթը ունեցայ կարդալու՝ առաւել ուշադրութեամբ, եւ պահեր կանգ առի անոր ուսանելի շարք մը դիտարկումներուն վրայ, որոնց 15-ն կ’ուզեմ յանձնել ընթերցողներու ուշադրութեան, ներկայ գրութեամբ:
- Ֆ. Նանսէն դիւանագէտը Երիտասարդ թուրքերու գործած Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայրենազրկումը բնաւ չէ դիտած՝ որպէս կրօնական մոլեռանդութեան արտայայտութիւն, այլ իրաւացիօրէն որպէս ցեղապաշտական ու ծաւալապաշտական ծրագիր, որպէս գերազանցօրէն քաղաքական ոճիրներ:
Ան գրած է՝
«Հայ ժողովուրդին դէմ Երիտ. թուրքերու գործադրած արտասովոր անմարդկայնութիւնը հետեւանքն էր ոչ-կրօնական մոլեռանդութեան՝ ըլլայ ղեկավարութեան թէ ժողովրդական մակարդակներու վրայ:
Երիտ. թուրքերը անտարբեր էին կրօնի նկատմամբ, եւ թրքախօս բնակչութիւնն ալ պարտինք ըսել, թէ այդքան ալ պատրաստակամ չէր գործադրելու իշխանութեանց ցանկացած թալանն ու ջարդերը. եւ որոշ վայրերու մէջ անոնք նոյնիսկ ընդդիմացան հայոց տեղահանութիւններուն, եւ թուրք որոշ պաշտօնատարներ մերժեցին հնազանդիլ հրամաններուն ու փորձեցին փրկել Հայ բնակիչները: Սակայն իշխանութիւնները շուտով յաղթահարեցին նման դժուարութիւնները եւ հայոց սրտցաւ պաշտօնատարները կամ պաշտօնազրկուեցան եւ կամ ալ սպաննուեցան» (էջ 318):
- Բայց արդէն էջ 296-ի վրայ կատարուած էր այն հաստատումը, թէ «Շուտով բացորոշ դարձաւ, որ Երիտ. թրքական ծրագիրն էր՝ հիմնել փանթուրքական կայսրութիւն մը, որուն մէջ պիտի տիրէր թրքերէն լեզուն եւ պիտի իշխէին ամբողջովին թրքական կառավարութիւններ ու նոյնիսկ իսլամ արաբները դուրս պիտի պահուէին պետական վարչամեքենայէն»:
- Ֆ. Նանսէն հմուտ պատմագէտի ուշադրութենէն վրիպած չէր նաեւ այն անարդարանալի եւ անհասկնալի համագործակցութիւնը, զոր կատարած էր հայ կուսակցութիւն մը Երիտ. թուրքերուն հետ, անոնց սկզբնական վերելքի օրերուն եւ աւելի ուշ անոնց դժուարին օրերուն՝ երբ Համիտ վերագրաւած էր իշխանութիւնը 1909-ին ու կը հալածէր Երիտ. Թուրքերը զանոնք ջարդելով…:
Իր հատորի էջ 319-ի վրայ գրած է. «Ամբողջացնելու համար պատկերը հարկ է յիշեցնել, թէ այն նոյն հայերը, որոնք Երիտ. թուրքերու կողմէ ըմբոստացնող եղանակով բնաջնջուեցան, Երիտ. թուրքերու հին բարեկամներն էին եւ դաշնակիցներ Համիտի դէմ, որոնք օգտագործուեցան Երիտ. թուրքերու կողմէ, քանի անոնք ալ կը պայքարէին սուլթանի իշխանութեան դէմ: Երիտ. թուրքերը սպաննեցին նոյնիսկ իրենց հետ գործակցած եւ իրենց դաշնակից դարձած հայերու ականաւոր դէմքեր, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով փրկած էին զիրենք՝ երբ Ապտուլ Համիտ 1909 թուին վերագրաւած էր իշխանութիւնը եւ կը ջարդէր զիրենք»:
«Ապտուլ Համիտի ջարդերը մանրուքներ էին՝ բաղդատելով զանոնք այս «արդիական» թուրքերու արաքներուն հետ»:
Այս դիտարկումին դասը այն է, որ ցեղապաշտ-ծաւալապաշտը չի ճանչնար բարեկամ եւ կը յարձակի նոյնիսկ իրեն հետ գործակցած ուժին վրայ, իրագործելու համար իր ծաւալողական ծրագիրը: Եթէ նոյնիսկ այդ ուժը ոչ մէկ առիթ տուած ըլլայ այդ յարձակումին: Այդ դիտարկումը ճիշդ է նաեւ սիոնական պետութեան պարագային, որ կը յարձակի պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ՝ նոյնիսկ եթէ այդ ժողովուրդը դադրի պայքարելէ իր դէմ…: Ուրեմն սխալ է այն յորդորը, թէ առիթ մի տաք սիոնական պետութեան, որպէսզի չյարձակի:
Սիոնական պետութիւնը ինք կը ստեղծէ շինծու առիթը եւ պատրուակը, ինչպէս ըրին Երիտ. Թուրքերը՝ գործադրելու համար իրենց փանթուրքական ծրագիրը, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան (հայրենազրկման) ոճիրներուն միջոցով: - Ֆ. Նանսէնի պատուիրակութիւնը երբ այցելած է Անդրկովկասեան համադաշնակցութեան վրացի նախագահին, այս վերջինը ներկայացուցած է խիստ ուշագրաւ առաջարկ մը, որուն իրագործումը մեծ նպաստ մը բերած պիտի ըլլար անցեալի հզօրացումին: Ան իր հատորի 16-րդ էջին վրայ գրած է. «Պատէն կախուած մեծ եւ լաւ քարտէզի մը դմաց կանգնած՝ երբ կը քննարկենք հայ տարագիրները ո՜ւր տեղաւորելու հնարաւորութիւնը, նախագահը դիտել տուաւ, թէ Ազրպէյճանի մէջ կար ընդարձակ դաշտավայր մը, Լեռնային Ղարաբաղի կից, ուր կարելի կ’ըլլար տեղաւորել բազմահազար տարագրեալներ, եւ ուր արդէն նախապէս հաստատուած էին բաւական մեծ թիւով հայեր: Եթէ Սարդարապատի շրջանի ծրագիրը մեծածախս եւ անգործնական նկատուի»:
- Ֆ. Նանսէն իր հատորին մէջ տեղին մատնանշած է մեր մօտ ժխտական երեւոյթ մը՝ «ուր հաց՝ հոն կաց»ը, հայրենի հողին կառչածութեան պակասի: Ան գրած է.
«Դժուարին ժամանակներու մէջ, բազմաթիւ վրացիներ հարկադրուած եղած են աքսոր երթալու՝ նախընտրաբար Ռուսաստան: Բայց վրացիները բնաւ չեղան արտագաղթող ժողովուրդ, ակներեւօրէն տարբերելով իրենց հայ դրացիներէն: Վրացիները մեծապէս կը նախասիրէին իրենց հայրենական երդիքը… եւ ուրախ չեն զգար անկէ հեռու ապրելով, այլ սիրով կառչած էին իրենց հողին» եւ կարծէք թեթեւցնելու համար մեր ազգի ժխտական այս նկարագիրը՝ Սենեքերիմ թագաւորի օրերէն… Նանսէն գրած է. «Հաւանաբար այն պատճառով, որ վրացիները ընդհանրապէս հողագործներ էին, եւ զուրկ էին հայերու առեւտրական ու արհեստաւորական ձիրքերէն, որոնք կարելի կը դարձնէին օտար երդիքներու տակ ապրուստ ճարել…»։ Բայց մեր համեստ կարծիքով, մեր «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաբանը հայրենի հողին կառչածութեան թուլութիւն մըն է, որ անարդարանալի է ինչ ձեւով ալ փորձենք բացատրել…:
- Ուշագրաւ դատողութեան եզրակացութիւն մըն է Ֆ. Նանսէնի հետեւեալ դիտարկումը հատորի 107-րդ էջին վրայ. «Անդրկովկասեան երեք հանրապետութիւնները իրարմէ անջատ կանգնելով չէին կրնար պահպանել իրենց ուրոյն գոյութիւնը, իրենց հզօր դրացիներուն դիմաց:
«Առկայ դրութեան մէջ կը թուի, թէ վրացիներու եւ հայերու ապագան լաւագոյնս կրնայ երաշխաւորուիլ՝ յարելով Սովետական պետութեան, իրենց ազատ եւ անկախ հանրապետութիւններով, տնօրինելու համար իրենց ներքին ազգային գործերը եւ զարգացնելով իրենց յատուկ քաղաքակրթութիւնը, իրենց սեփական լեզուն ու մշակոյթը, առանց ենթարկուելու կապտիչ միջոցներու, նման ցարական կառավարութեան ի գործ դրած դժբախտ փորձերուն՝ զանոնք ռուսականացնելու»:
Այդպէ՛ս ալ եղաւ եւ Սովետական Հայաստանը կերտեց մեր նոր ոսկեդարը, որուն դիմաց ներկայի «անկախ» հանրապետութիւնը կը պարզէ յուսալքիչ եւ լուսամարիչ պատկեր մը՝ թալանի եւ արտագաղթի…:
- Ֆ. Նանսէն գերազանցապէս դիպուկ եւ ուսանելի երկու դիտարկումներ կատարած է հատորի 266-րդ էջին վրայ, գրելով՝
«Կիլիկեան թագաւորութեան պատմութիւնը կը ներկայացնէ ամէնէ ռոմանթիք եւ արտակարգ իրադարձութիւններու յաջորդականութիւն մը: Ոեւէ ժողովուրդի համար, սարսափելի դժբախտութիւններ տեսնելէ յետոյ արտագաղթել այլուր եւ հոն հիմնել ու պահպանել նոր ծաղկուն թագաւորութիւն մը՝ երեք դարերու երկայնքին, թշնամի ազգերու շրջապատին մէջ, ապացոյց է եզակի կենսունակութեան: Սակայն ժամանակի ընթացքին ատիկա տկարացաւ ներքին պառակտումներու հետեւանքով եւ 1375 թուին մայրաքաղաքը՝ Սիս, գրաւուեցաւ Եգիպտոսի Մամլուքներուն կողմէ»:
Այստեղ Նանսէն մատնացոյց կ’ընէ Կիլիկեան թագաւորութեան իշխանաւորներու պետական մտածելակերպի եզակի մակարդակը եւ հայ ազգի անմիաբանութեան ազգաքանդ ախտը: Առաջինէն զուրկ մնացած է հայ ժողովուրդը երկար դարեր ամբողջ, ներկայիս ալ ներառեալ…, իսկ երկրորդը աւելի մնայուն կերպով ընկերացած է հայ ժողովուրդին, նաեւ՝ այսօր: Պետական մտածելակերպէ զուրկ են Հայաստանի մերօրեայ խշխանաւորները, համահայկականութեան եւ միաբանութեան ոգիէ զուրկ է տարագիր Սփիւռքը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու տարագրութեան 100-րդ տարելիցին անգաշ չզգաստացաւ ու չկրցաւ կազմակերպել Տարագիր արեւմտահայութեան համաշխարհային քոնկրէսը (ՏԱՀՔ), որպէսզի անդրանցնէր Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, պղատոնական ճանաչումի հանգրուանէն՝ մեր հողային պահանջատիրութեան աւելի կենսական եւ աւելի դժուար հանգրուանին: Իսկ Հայաստանի մէջ այսօր եւս կայացած չէ ազգային պետութիւնը, այլ կը տիրէ՝ քրէաօլկարխիկ բազմիշխանութիւն, շարունակելով մեր հին նախարարատուներու յոռի աւանդութիւնը:
- «Հայերը եւ քաղաքակրթութիւն ուրիշ հողերու վրայ» վերնագիրը կրող 10 էջերէ բաղկացած հատուածին 270-271-րդ էջերուն վրայ Նանսէն կը գրէ՝
«Հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը կը հանդիսանայ այն, որ օտարի ծառայութեան մէջ իր ցուցաբերած զատորոշուող յարողութեան հակառակ, ան բնաւ չկրցաւ տնօրինել իր սեփական երկիրը յաջողապէս եւ շօշափելի ժամանակի մը համար: Բիւզանդիոնի մէջ, արտասովոր բան, առաջնորդող դէմքերէն շատեր եւ ամենակարող վարիչներն ու հրամանատարները հայեր էին: Յուստինիանոս կայսեր հռչակաւոր զօրավարն էր Ներսէս, որ գրաւեց Իտալիան կայսեր համար։»
Առհասարակ մենք փայլատակած ենք One man show-ի բեմին վրայ, եւ ձախողած հաւաքական աշխատանքի ասպարէզին մէջ, որ կը պահանջէ միաբանութիւն, այսինքն՝ համահայկականութեան ոգի, եւ պետական մտածելակերպ ու անհատական համեստութիւն, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը հրամանատար չի կրնար ըլլալ…: Եւ հրամանատար մը առանց հետեւակներու բանակ կազմել չի կրնար:
- Հատորի 99-րդ էջին վրայ Նանսէն ունի դիտարկում մը, որ իրականութիւն է բոլոր ժողովուրդնեդուն մօտ: Ան գրած է՝
«Երբ Վրաստանի մէջ, պատմութեան մռայլ օրերուն, ազնուականներու վերին խաւը, երկիրի մտաւորական ու բարոյական վիճակը ցաւալի էր եւ անմխիթարական, գլխաւորաբար գիւղացիութեան, արհեստաւորներու եւ աշխատաւոր դասակարգերու մօտ է, որ հաւատքը եւ բարոյականութիւնը վերապրեցան: Կղերականութիւնը ընկղմեցաւ տգիտութեան եւ անբարոյութեան մէջ, մինչ ազնուականները բարոյալքուած էին քաղաքական նուաստացուցիչ պայմաններէն»:
Այս պատկերը կը կազմուի նոյնութեամբ այսօր՝ Հայաստանի մէջ… օլիկարխներու վերին խաւին ու… կղերականութեան բարձրագոյն ոլորտին մէջ…:
- Նանսէն Հայաստան այցելութեան, հրաւիրուած էր Լենինականի ջրամբարտակ բացումի հանդիսութեան, որուն յաջորդած էր ջերմիկ խրախճանք, զոր ծաղկեցուցած էր հայկական նուագախումբ մը, կատարելով ոչ միայն հայկական, այլեւ ռուսական, ուքրանական, քրտական, թաթարական, պարսկական եւ այլ եղանակներ, խլելով հայ հասարակութեան ջերմ ծափահարութիւնները: Ան հատորի 167-րդ էջին վրայ գրած է.
«Ինծի զարմանք պատճառեց այն, որ հայեր կը կատարէին իրենց աւագ թշնամիներու երաժշտութիւնը: Այլեւս չկար թշնամութիւն ազգերու միջեւ՝ սովետական իշխանութեան հաստատումէն ի վեր: Բայց ես կը կասկածիմ, որ շատ խորին ըլլայ երեւոյթը: Օրինակի համար մանուկները կը սիրեն դերակատարութիւնը եւ հայ մանուկները միշտ կը խաղան մելոտրամաթիք փիէսներ, նախընտրաբար ատոնք, որոնց մէջ իրենք կրնան սպաննել թուրքերը…»: Այո՛, քանի որ հայ-թուրք յարաբերութիւնները չեն կրնար՝ ոչ թէ բարեկամական երկխօսութեան այլ բնականոն երկխօսութեան փուլ մտնել՝ նախքան ոճրագործին խոստովանութիւնը եւ ճանաչումը իր ոճիրն ու հողային հատուցման պարտքին վճարումը…:
- Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի սահմանազատումը այնքան պատմաիրաւականօրէն արդարացուած է՝ որքան Մեծ Հայք եւ Փոքր Հայք, Պարսկահայք, Բիւզանդահայք, Ռուսահայք եւ Թրքահայք սահմանազատումները, որոնք մօտաւորապէս ընդգրկած են միեւնոյն տարածքները պատմական Հայաստանէն…: Եւ Ֆ. Նանսէն իր հատորի 267-րդ էջին վրայ կը հաստատէ այս իրականութիւնը՝ երբ կը գրէ. «Պարսկաստանի եւ Թրքական կայսրութեան միջեւ պատերազմները շարունակուեցան որոշ ժամանակ, առանց որոշ արդիւնքի Հայաստանի շուրջ: 1639-ին այս երկու ուժերը համաձայնեցան Հայաստանի բաժանումին շուրջ, Արաքսի տարածքը կաթողիկոսանիստ Էջմիածնի հետ եւ հիւսիսային շրջանը, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ներկայ Հայաստանի տարածքին, տալով Պարսկաստանի, իսկ Հայաստանի մնացեալ մասը վերապահելով Թուրքիոյ: Այս սահմանագծումը անփոփոխ մնաց մօտաւորապէս երկու հարիւր տարիներու ընթացքին»: Հետեւաբար երբ ՏԱՀՔ-ի կողմնակիցներս կը խօսինք Արեւմտահայաստանի անունով՝ մենք չէ որ կամայականօրէն զայն կը զատորոշենք Արեւելահայաստանէն:
- Խիստ նշանակալից է հատորի վերջընթեր էջին վրայ (323) Նանսէնի դիտարկումը՝ Ազգերու Լիկայի պատասխանատուութեան շուրջ, որպէս հմուտ դիւանագէտ եւ արդարադատ մարդասէր, որ ըսած է՝
«Ազգերու լիկան գրեթէ վստահօրէն արգիլեց ուրիշներուն ազդու միջոցներու դիմել՝ օգնելու համար հայերուն գոհացուցիչ կերպով, հակառակ անոնց տրուած բոլոր խոստումներուն դաշնակիցներուն կողմէ: Ազգերու լիկան արդեօք այսպիսով կրա՞յ յաւակնիլ, թէ կատարած է իր պարտականութիւնը հայերուն հանդէպ եւ թէ կրնայ երեւակայել, որ այժմ կրնայ մէկդի նետել անոնց հարցը, առանց որ նսեմացուցած ըլլայ լիկայի վարկն ու հեղինակութիւնը, յատկապէս Արեւելքի մէջ: Այսպիսով Արեւմտաեւրոպական եւ Ամերիկեան տէրութիւնները չյարգեցին իրենց կողմէ հայերուն տրուած ազատութեան եւ անկախութեան խոստումները, զանոնք մղելէ յետոյ կռուելու՝ ի խնդիր դաշնակիցներու դատին…»:
Ֆ. Նանսէնի կողմէ Ազգերու լիկայի դէմ արձակուած այս ամբաստանագիրը՝ մեզի իրաւունք կու տայ արդարութիւն պահանջելու նաեւ Լիկայի իրաւայաջորդ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն (ՄԱԿ):
- Ֆ. Նանսէն իր հատորի 226-րդ էջին վրայ հետեւեալ հաստատումը կ’ընէ եւ հարցը կու տայ քաղաքական ու պետական մարդոց. «Տառապանքը, այո՛, կը բիւրեղացնէ կամ կը մաքրազտէ մարդկութիւնը, առնուազն անոնք, որոնք բաւական ուժեղ են տոկալու համար: Բայց աշխարհի մէկ ուրիշ մասին մէջ կա՞յ արդեօք ժողովուրդ մը, որ տառապած է այս ժողովուրդին նման եւ այսպիսի վախճանով, դաւաճանուելով ու լքուելով այն ուժերուն կողմէ, որոնք շատ մեծ եւ պարտաւորեցնող խոստումներ տուին արդարութեան անունով:
«Հարց կու տամ քաղաքական ու պետական մարդոց՝ ժամանակը հասած չէ՞ դադրեցնելու վերամբարձ խօսքերը, որպէսզի մարդկութիւնը չկորսնցնէ իր յոյսի վերջին նշոյլն անգամ, թէ ազգերու պատմութեան մէջ տակաւին սրբազան մնացած բան մը կայ»:
- Նանսէնի եզրակացութիւնը հատորի վերջաբանին մէջ. «Երանի պիտի ըլլար հայերուն, որ բնաւ ներքաշուած չըլլային եւրոպական քաղաքականութեան մէջ: Իրենց համար աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ Հայաստան անունը բնաւ բարբառուած չըլլար ոեւէ եւրոպացի դիւանագէտի կողմէ»: