Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Արա Կիւլերի Մասին Ֆիլմը Ուաշինկթընի Փառատօնին Պիտի Ներկայացուի

Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմը, այս տարուան Մարտ ամսուն պիտի ներկայացուի Ուաշինկթընի փառատօնին:

Ըստ Ermenihaber.am–ի «Սապահ» թերթը կը տեղեկացնէ, որ «Սթամպուլի աչքը» անուանումը կրող ֆիլմը կը ներկայացնէ լուսանկարիչին կեանքի եւ աշխատանքներուն դիմանկարը: Ֆիլմին առանցքը Կիւլերի նախապատրաստումն է լուսանկարներու ցուցահանդէսին, աշխատանքներու ընտրութիւնը եւ լուսանկարիչին մտորումները իր արխիւներու ապագային մասին:

Արա Կիւլեր աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ-լրագրող է: Յաճախ անոր կը դիմեն «Սթամպուլի աչք» կամ «Սթամպուլի լուսանկարիչ» մականուններով: Ծնած է Սթամպուլ հայկական ընտանիքի մէջ: «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» տիտղոսակիր Կիւլերը լուսանկարած է այնպիսի աշխարհահռչակ մեծերու, ինչպէս Պերթրանտ Ռասըլ, Ուինսթըն Չըրչիլ, Մարք Շակալ, Ալֆրետ Հիչքոք, Թենըսի Ուիլեըմզ, Փապլօ Փիքասօ, Սալվատոր Տալի, Ուիլիամ Սարոյեան, Սերկէյ Փարաջանով եւ այլք: Անոր լուսանկարչական աշխատանքները կը գտնուին աշխարհի շարք մը թանգարաններու, մասնաւոր եւ ազգային հաւաքածոներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին