Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Դրախտը Քու Մէջդ Պէտք Է Փնտռես Եւ Այն Վայրին Մէջ, Ուր Կ’ապրիս Ու Կ’արարես». Լեւոն Էսքէնեան

Հարցազրոյցը Վարեց` ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

Hayernaysor.am-ը զրուցած է լիբանանահայ երաժիշտ Լեւոն Էսքէնեանի հետ: 1996 թուականին անտեսելով Հայաստանի դժուարին պայմանները, ան որոշեց հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ: Հայրենադարձութեան նպատակը հայկական մաքրամաքուր երաժշտութիւնը ուսումնասիրելու մեծ ցանկութիւնն էր:

Լեւոնը Հայաստանի մէջ խոր արմատներ ձգեց. նախ ստեղծեց «Կիւրճիեւ» խումբը, որ կարճ ժամանակի մէջ ճանաչում ձեռք բերաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ, արժանացաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր չորս մրցանակներէն մէկուն` «Edison Award»-ին, եւ ամենակարեւորը Մայր  Հայրենիքի մէջ  ընտանիք կազմեց:

Լեւո՛ն, երիտասարդ հասակի մէջ  հայրենադարձուած էք: Ի՞նչն  էր այդ տարիքին մէջ նման որոշում կայացնելու պատճառը: Ան նախապէս որոշուած քա՞յլ էր, թէ՞ հոգիի  կանչ:

-Ինծի Հայաստան  վերադարձուց երաժշտութիւնը: Երաժշտութեամբ հետաքրքրուած եմ դեռ մանկութենէս: Հայ ըլլալով եւ միշտ հայկական երաժշտութիւն լսելով` ցանկացայ երաժշտական կրթութիւնս այստեղ շարունակել. ատիկա էր հայրենադարձուելուս պատճառը: 1996 թուականին` տասնութ տարեկանիս,  Հայրենիք վերադարձայ: Գալով Հայաստան ամէն ինչ նոր էջէ սկսած եմ: Ծնողներս նոյնպէս քաջալերեցին զիս եւ վստահելով ուժերուս համաձայնեցան, որ հայրենադարձուիմ:

Երաժշտական կրթութիւնը ո՞ւր  ստացած էք:

– Երաժշտական նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան ուսումնարանի դաշնամուրային բաժինին մէջ, բարձրագոյն կրթութիւնս շարունակեցի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ` դարձեալ դաշնամուրային բաժինը: Յաճախած եմ նաեւ երգեհոնի եւ երգագրութեան դասընթացներու: 2005 թուականին ուսումս աւարտելով` կը մտածէի շարունակել Գերմանիոյ մէջ: Սակայն տարբեր հարցերու պատճառով անընդհատ կը ձգձգուէր մեկնիլս: Գուցէ նախախնամութիւնն էր ատիկա, չեմ գիտեր:

Հասկցայ, որ Հայաստանէն չեմ կրնար հեռու գտնուիլ. ծրագիրներ ունէի, ապագաս Հայաստանի մէջ կը տեսնէի, ուստի  ետ կանգնեցայ որոշումէս: Հիմա անկասկած կրնամ ըսել, որ չմեկնիլը ճիշդ ընտրութիւնն էր:

Այնուհետեւ կրթութիւնս շարունակեցի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ասպիրանտուրան` կրկին դաշնամուրային բաժինը, որ աւարտեցի 2007 թուականին:

2005-2014 թուականներուն «Նարեկացի» արուեստի միութեան գեղարուեստական ղեկավարը  եղած եմ: Տարուան ընթացքին 200-է աւելի ձեռնարկներ կը  կազմակերպէի: Այդ տարիներուն շատ էր շփումը Հայաստաին, Սփիւռքի եւ արտերկրեայ արուեստագէտներու հետ: «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ աշխատիլը ինծի համար կեանքի դպրոց դարձաւ:

-18 տարեկանէն արդէն միայնակ  ապրած էք: Դժուար չէ՞ր:

-Ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ ինչպէս կը վերաբերիս դժուարութիւններուն եւ որքանով ան քուկդ կը  համարես: Գիտակցաբար  մօտեցած եմ այդ ամէնուն` մտածելով, որ ամէն բան անցողիկ է:

Փորձած եմ դժուարութիւններէն խնդիրներ չստեղծել: Ի հարկէ խնդիրները անխուսափելի եղած են, որոնց լուծման համար ուղիներ որոնած եմ:

Լեւո՛ն, հե՞շտ էր Հայաստանի մէջ շփուիլ մարդոց հետ եւ ընկերական յարաբերութիւններ ձեւաւորել:

-Սկզբնական շրջանին ապրած եմ ուսանողական հանրակացարանի մէջ, ուր Հայաստանի տարբեր մարզերէ եւ Սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներ կը գտնուէին: Պատկերացուցէք միեւնոյն միջավայրին մէջ  հաւաքուած էին տարբեր բարբառներով խօսող, տարբեր մտածելակերպ ունեցող մարդիկ, որոնց հետ ուզած թէ չուզած` համակերպիլ եւ շփման եզրեր  անհրաժեշտ էր գտնել: Ատիկա կարեւոր փորձաշրջան էր ինծի համար, որ պատուով յաղթահարեցի:

Ընկերական շրջապատ ձեւաւորած եմ դեռեւս ուսանողական տարիներէն: Շատ մարդոց հետ ծանօթացայ նաեւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ աշխատելու տարիներուս: Օրուան ընթացքին տասէ աւելի արուեստագէտներու հետ  յարաբերած եմ, որուն արդիւնքով կը ծնէր մտերմութիւն: Այդ շփումներն ալ ինծի օգնեցին, որ միջազգային հարթակներու վրայ կարենամ ներկայանալի ըլլալ:

 Հայաստան կատարած առաջին այցելութենէն ի՞նչ յիշողութիւններ  պահպանուած են:

-Հայաստանի ջուրը…։ Կը յիշեմ` խմելով չէի յագենար: Անընդհատ  պաղ ջուր կը խմէի:

Իսկ ինչպիսի՞ն է Ձեր երազանքի Հայաստանը:

-Նախ սփիւռքահայերուն պէտք է ներգրաւել Հայաստանի զարգացման ուղղուած տարբեր նախագիծերու մէջ եւ անոնց համար շահաւէտ համագործակցութեան դաշտ ստեղծել: Իւրաքանչիւր հայ իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պէտք է աջակցի Հայաստանի զարգացման` ի հարկէ առանց որեւէ ակնկալիքի: Հայրենիքին օգտակար ըլլալ`  կը նշանակէ դուն քեզի օգտակար ըլլաս: Եթէ բոլորս մեր միտքին մէջ վառ պահենք այս գաղափարը, ապա ան կ’օգնէ հայ մնալ եւ սեփական դիմագիծը չկորսնցնել:

Հայաստան բոլոր նախադրեալները ունի բարգաւաճման համար: Մեր ունեցած միջոցները ճիշդ օգտագործելով` կրնանք միասնական ուժերով ծաղկեցնել մեր երկիրը:

Սփիւռքի մէջ յաճախակի ըլլալով` կը տեսնեմ, որ այնտեղ հսկայական ներուժ կայ, որոնց անհրաժեշտ է ներգրաւել Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ծրագիրներուն: Սա է իմ երազանքի Հայաստանը:

 Այժմ խօսինք «Կիւրճիեւ» խումբին մասին:

-Գլխաւոր նպատակը հայկական երաժշտութիւնը պահպանելը եւ տարածելն է: Կը ցանկայի նաեւ որեւէ գործ ձեռնարկել եւ առաջ ընթանալ: Խումբը ստեղծեցի 2008 թուականին` նպատակ ունենալով հայ մեծանուն փիլիսոփայ եւ երաժիշտ Գ.Ի. Կիւրճիեւի ու Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ներկայացնել՝ հայկական ազգային երաժշտութիւնը եւ իմ գործիքաւորումները: Խումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի յառաջատար 11 երաժիշտներ: Ժամանակի ընթացքին  խումբը ճանաչում եւ համբաւ ձեռք բերաւ, որմէ ետք սկսանք  տարբեր միջազգային փառատօններու մասնակցելու հրաւէրներ ստանալ: Մեր թիրախը հիմնականին մէջ օտար հանդիսատեսն է, քանի որ գործունէութեան նպատակը հայկական մշակոյթը այլազգի ունկնդիրին ճանաչելի դարձնելն է: Մեծ պատիւ էր լսել երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի  գովեստի խօսքերը խումբի գործունէութեան վերաբերեալ: Որ նաեւ մեզի կը պարտաւորեցնէ:

Հիմնադրման առաջին տարիներէն խումբը բեղուն գործունէութիւն  ծաւալած է. 2011 թուականին գերմանական յայտնի ECM ձայնագրման ընկերութիւնը թողարկեց՝ «Կիւրճիեւ» խումբի «Ճորճ Կիւրճիեւ» երաժշտութիւնը» ձայնասկաւառակը:

Ալպոմը աննախադէպ յաջողութիւններ ունեցաւ. աշխարհի ամենակարեւոր ռատիօկայաններու կողմէ ան ընտրուեցաւ իբրեւ շաբթուան ձայնասկաւառակ եւ 2012 թուականին Հոլանտայի մէջ մեզի յանձնուեցաւ Edision Award մրցանակը, որ աշխարհի 4 ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն է: Այս մրցանակը ժամանակին նաեւ Շարլ Ազնաւուրը ստացած է:

Ձայնասկաւառակի թողարկումէն ետք սկսանք պարբերաբար համերգներով շրջագայիլ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ: «Կուրճիեւ» խումբը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ  ունեցած է  շարք մը յայտնի սրահներու եւ միջազգային փառատօններու մէջ, եղած է  Լիբանանի, Գերմանիոյ, Պրազիլիոյ, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Պելճիգայի, Փորթուկալի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Համոյթին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ ձայնագրուած նոր ձայնասկաւառակը` «Komitas-The Gurdjieff Ensemble-Levon Eskenian» անուանումով, որ ECM records ընկերութիւնը 2015 թուականի Հոկտեմբերին թողարկեց :

Ձայնասկաւառակին անդրադարձած են աշխարհի լաւագոյն եւ յառաջատար լրատուամիջոցները. Songlines Magazine հանդէսը ան ընդգրկած է 2015 թուականի 10 լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին, իսկ այդ ձայնասկաւառակի ստեղծագործութիւնները կը հնչեն British Airways ընկերութեան ինքնաթիռներուն մէջ:

«Կիւրճիեւ» խումբը եւս անմասն չմնաց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներէն: 2015 թուականի ընթացքին ոգեկոչման համերգներ ունեցանք Զիւրիխի, Պուխարեստի, Պրազիլիոյ,  Պուենոս Այրէսի եւ Գորտոպայի մէջ:

2

Յաճախ կայցելէք Սփիւռքի հայ համայնքներ: Ըստ Ձեզի մեր հայրենակիցները այսօր ի՞նչ խնդիրներու առջեւ  կը կանգնին:

-Ցաւօք սփիւռքահայերէն շատերը մեկուսացած են Հայաստանէն, հայերէնը գրեթէ մոռցած են: Յատկապէս  անոնց պէտք է ուշադրութեան կեդրոնը պահել եւ աջակցիլ:

Գերակայ խնդիր է Սփիւռքի մէջ Մայրենիի պահպանման, տարածման եւ զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները` յատկապէս երիտասարդներու շրջանին մէջ: Անոնց ամէն քայլափոխին պէտք է յիշեցնել սեփական լեզուի մասին, քանի որ բուն անոնք են հայկական մշակոյթի վաղուան պահապանները: Այս պարագային միայն հայը հայ կը մնայ եւ ուծացման կուլ չերթար:

Մեր զրոյցի աւարտին ի ՞նչ խորհուրդ կու տաք այն մարդոցորոնք կը հեռանան Հայաստանէն եւ օտար ափերու վրայ բախտ  կորոնեն:

-Իմ օրինակս կրնամ բերել: Ես հսկայական կարողութիւններու տէր սփիւռքահայ չեմ, որ որոշած է պարզապէս Հայաստանի մէջ ապրիլ: Այստեղ  ընտանիք կազմած եմ, երախայ ունեցած: Հեշտ է այլ վայրերու մէջ դրախտ փնտռելը: Դրախտը քու մէջդ պէտք է փնտռես եւ այն վայրին մէջ, ուր կ’ապրիս ու կ’արարես: Պարզապէս խորհուրդ կու տամ մինչեւ մեկնիլը լաւ մը մտածել եւ նոր այդ քայլին դիմել:

Սփիւռքի մէջ հայերու կը հանդիպիմ, որոնք տարիներ առաջ  հեռացած են Հայաստանէն եւ մինչեւ հիմա փախստականի կարգավիճակով կ’ապրին. որեւէ յառաջընթաց չեն ունեցած իրենց կեանքին մէջ եւ յաջողութեան չեն հասած: Որո՞ւն  պէտք է այդ կենսակերպն ու կորսուած տարիները: Ատիկա է օտարութեան «քաղցրութիւնը»:

Մեծ ցաւ կ’ապրիմ յատկապէս մեր երիտասարդներուն համար, որոնք յուսահատութեան մէջ յայտնուելով կը հեռանան Հայաստանէն: Թո՛ղ բոլորն ալ իմանան` ուր ալ երթաս, Հայաստանէն լաւ տեղ չկայ:

Կը սիրեմ Հայաստանը իր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով հանդերձ: Ան միայն զգացական դաշտի վրայ չի գտնուիր, նաեւ գիտակից եւ զգացական տիրոյթի մէջ է: Շատ երկիրներու մէջ  կը շրջագայինք, այդ ժամանակ կը կարօտնամ Հայաստանը  եւ մէկ վայրկեան առաջ վերադառնալ կ’ուզեմ:

Ես հայ արուեստագէտ եմ, իմ սնուցման աղբիւրը հայկական մշակոյթն է, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ապրիմ եւ ստեղծագործեմ Հայաստանի մէջ` ի շահ համայն հայութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին