Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 17-ին իրականացած է՝ 1990-ի Յունուարին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու 26-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որ վարած է աճարահայութեան հոգեւոր հովիւ Արարատ քահանայ Գումբալեանը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Պաքուի, Կիրովապատի, Շամխորի եւ Մարաղայի դէպքերը 20-րդ դարուն տեղի ունեցած եղեռնագործութիւնները, ինչպէս նաեւ 1988-ի սումգայիթեան ջարդերը մոռացութեան մատնելու եւ մեղաւորներու անպատժելիութեան անմիջական հետեւանքն էին:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակին կանգնեցուած խաչքարին առջեւ: