Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ամանորեայ Հանդէս Ղրղզստանի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

*ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ՄԱՏԻՆԵԱՆ*

Թէեւ Պիշքեկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախէ ընդամէնը 10-15 հայ երիտա­­­սարդներ եւ պատանիներ, սակայն դպրոցը կը գործէ անխափան. չէ՞ որ մայրենի լեզուն ազգային ինքնու­թ­իւնը պահպանելու հիմնական երաշխիքն է, եւ համայնքը ամէն ինչ կ’ընէ աւելի շատ ե­րա­խաներ ներգրաւելու համար: Հայկական համայնքի հիմնադիր Հենրիխ Պալեան, որուն ջան­քերու շնորհիւ  հիմնականին մէջ կը գործէ այս դպրոցը՝ վստահ է, որ աստիճանաբար պիտի գան ու սորվին: Ամէն աշակերտ իր ետեւէն կը բերէ ընկերոջը եւ բարեկամը, սակայն որպէսզի երախա­ները սիրով գան դպրոց, ան պէտք է գրաւիչ ըլլայ: Հարկաւոր է դասերը հե­տաքրքրական դարձնել, մեծ տեղ տալ հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին վաւերագրական նիւթերուն:

Դեռեւս տարեմուտին պարզ դարձաւ, որ երախաներէն շատերը արդէն կը գրեն ու կը կարդան հա­յերէն, անգիր գիտեն հայ դասականներու բանաստեղծութիւն­ները, կ’երգեն Հայաստանին ու Երեւանին նուիրուած երգեր: Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ, որ երախաներուն հիւր գայ Կաղանդ պապան, մասնակցի անոնց դասերուն եւ… խօսի հայերէն:

Որոշեցին եւ ճիշդ այդպէս ալ ըրին:

Երախաներուն ամանորեայ իր շնորհաւորանքը  յղած էր նաեւ Տեխնիկական գիտութիւն­նե­րու թեկնածու, Պատ­ուա­ւոր շինարար, Ղրղզստա­նի մէջ Հունգարիոյ պատ­ուաւոր հիւպատոս, «Ղրղզ­ստան-Հունգարիա» բարե­կա­մու­թեան միութեան նախագահ, Ղրղզստանի Հանրապետու­թեան Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, մարմնակրթութեան պատուաւոր վարպետ Հենրիխ Պալ­եան, որուն խորին ակնածանքով կը վերաբերին համայնքէն ներս բոլորը:

Ամանորեայ ձեռնարկները իւրայատուկ խորհուրդ ունին եւ բոլորը կը հաւատային, որ այս Նոր տարուան պիտի իրականանան իրենց նուիրական երազանքները: Ուրեմն թող 2016 թուականը դառնայ մեր Հայրենիքի բարգաւաճման, իսկ իւրաքանչիւր հայու համար` բոլոր վեհ նպատակներու, նուիրական երազանքներու իրականացման եւ բարեկեցութեան տարի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին