Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ամանորեայ Անակնկալ Սահմանամերձ Չինարի Դպրոցականներուն

2015 թուականի Դեկտեմբեր ամսուան վերջը Հայաստան կը գտնուէր՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան Խոսթա քաղաքի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահի տեղակալ, գործարար Վալերի Մուրատեան:

«Հայերն Այսօրի» հետ զրոյցին մէջ Վալերի Մուրատեան տեղեկացուց, որ Հայաստան այցի հիմնական նպատակը՝ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի դպրոցի երախաներուն ամանորեայ նուէրներ յանձնելն էր:

Դեկտեմբեր 30-ին Վալերի Մուրատեան, Խոսթայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ Մարքոս Քեսեանի եւ Միխայիլ Կիւլպէնկեանի ուղեկցութեամբ, այցելած են Չինարի եւ ամանորեայ գեղեցիկ տօն պարգեւած սահմանամերձ գիւղի երախաներուն: Դպրոցի աշակերտներուն ուրախացուցած են նաեւ Կաղանդ պապան (որուն «դերը» ստանձնած է Վալերի Մուրատեան ) ու Ձիւնանուշը:

Սահմանամերձ գիւղի միջնակարգ դպրոցի 105 աշակերտներուն բաժնուած են նուէրներ: Վալերի Մուրատեան նշեց, որ բացի ամանորեայ նուէրներէն, իրենք առաջին դասարանի 7 երախաներու նուիրած են բջջային հեռախօսներ, իսկ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն եւ  անոնց դասարանի ղեկավարին յանձնած են ուղեգիրներ` 2016 թուականի ամառնային հանգիստը Խոսթայի մէջ իրականացնելու համար:

«Երբ նուէրներ կը յանձնէինք առաջին դասարանցիներուն ըսինք, որ բացի քաղցրաւենիքէն նուէրներէն մէկուն մէջ անակնկալ կայ: Փոքրիկները ոգեւորութեամբ ու արագ-արագ սկսան բանալ նուէրները: Անոնցմէ ամենաճարպիկը տեսնելով հեռախօսը բացականչեց` ինծի  ինկած է անակնկալը: Միւսը ըսաւ, որ իր տուփին մէջ ալ հեռախօս կայ: Յետոյ հասկցան, որ հեռախօսներ բոլորի տուփերուն մէջ ալ կային: Շատ գեղեցիկ պահ էր: Յուզիչ էր տեսնել երախաներու ուրախութիւնը, ոգեւորութիւնը, «Հայերն Այսօրի» հետ զրոյցի ընթացքին  պատմեց Վալերի Մուրատեան:

Վերջինս նաեւ աւելցուց, որ այն ամէնը, որ անոնք տեսան Չինարի մէջ, հնարաւոր չէ առանց արցունքներու պատմել. «Գիւղին մէջ պաշտպանիչ մեծ պատ կառուցուած է, որուն կողքով երախաները ամէն օր դպրոց կ’երթան: Առանց յուզումի հնարաւոր չէր տեսնել այն պատսպարանը, ուր երախաները կը թաքնուին ռմբակոծութիւններու ժամանակ: Զարմանալին այն էր, որ թէ՛ փոքրերու, թէ մեծահասակներու աչքերուն մէջ վախ եւ տագնապ չտեսանք: Երախաները կրակոցներու մասին այնքան հանգիստ կը խօսէին, երբեմն նաեւ ժպիտով, որ կարծէք անոնց համար այդ ամէնը սովորական բան ըլլար»:

Վալերի Մուրատեան շեշտեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ. «Քանի կենդանի եմ, ամէն տարի պիտի այցելեմ սահմանամերձ գիւղ: Յաջորդ տարի հաւանաբար Պառաւաքար ալ կ’այցելենք: Երբեք պէտք չէ մոռնանք այն մարդոց, յատկապէս երախաներուն, որոնք կ’ապրին թշնամիի կրակոցներուն տակ»:

Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան «Հայերն Այսօրի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Վալերի Մուրատեան իսկական տօն  պարգեւած է երախաներուն եւ իր այս քայլով եւս մէկ անգամ ապացուցած, որ սահմանամերձ համայնքներու մէջ ապրող մարդիկ անտեսուած չեն, յատկապէս Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն կողմէ. «Պէտք է տեսնէիք, թէ ինչպէս էր պարոն Մուրատեան երեք ժամ շարունակ առանց դադարի կ’ուրախացնէր բոլորիս: Հիմա աւարտական դասարանի աշակերտները անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ ամառնային արձակուրդը պիտի իրականացնեն Խոսթայի մէջ»:

Չինարիի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Կրեթա Դալլաքեան նշեց, որ բարեգործութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ վեհ քայլ  եղած է: «Յոյսով եմ` Վալերի Մուրատեանի մարդասիրական այս քայլը վարակիչ կ’ըլլայ նաեւ շատերուն համար, որոնք նոյնպէս նման նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գան: Կրնամ ըսել, որ այս բարի մարդը անանձնական երջանկութիւն ապրեցաւ: Այդքան քիլոմեթրեր կտրելով` եկած էր Ամանորին ժպիտներ բաշխելու երախաներուն», իր խօսքը եզրափակեց դպրոցի տնօրէնը:

Աւելցնենք, որ  2015թ. ամառնային արձակուրդի ընթացքին Վալերի Մուրատեանի հովանաւորութեամբ՝ հայաստանցի 5 երիտասարդներ հնարաւորութիւն ունեցան 14 օրեր հանգստանալու Սոչիի Խոսթա ծովափնեայ քաղաքը: Խումբը կազմուած էր միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթի յաղթած, ինչպէս նաեւ սուրիահայ եւ ազատամարտիկներու երախաներէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին