Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լեւոն Հայրապետեան Դատարանի Մէջ Յայտարարեց Որ Ինքզինք Մեղաւոր Չի Համարեր

Ձեռնարկատէր Լեւոն Հայրապետեան կը ժխտէ իր մասնակցութիւնը՝ Ռուսիոյ նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեսդեւի մօրմէն 700 հազար տոլարի յափշտակման: Ըստ «Արցախփրես»ի այս մասին Մոսկուայի Զամոսգուորեչեան դատարանի դահլիճէն հաղորդած Է «ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակիցը:

«Հանցագործութիւն չեմ կատարած, ես մեղաւոր չեմ», յայտարարած է մեղադրեալը, երբ դատախազը հրապարակած է այդ հարցով մեղադրական եզրակացութիւնը:

700 հազար տոլարի յափշտակման հարցով Հայրապետեանին կը սպառնայ մինչեւ 10 տարուան ազատազրկում:

Լեւոն Հայրապետեան կը մեղադրուի Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի՝ 159րդ յօդուածի չորրորդ մասով նախատեսուած յանցագործութիւն (խարդախութիւն) կատարելու մէջ: Հետաքննութեան տուեալներով 2010 թուականի Յունիսէն մինչեւ Օգոստոս Հայրապետեան, փաստաբան Սերկէյ Անթոնովի հետ համատեղ «խաբէութեան եւ վստահութեան չարաշահման ճանապարհով, մոլորութեան մէջ ձգած է Մոսկուայի բնակչուհին` խոստանալով դրամական վարձատրութեան դիմաց հասնիլ անոր զաւակին նկատմամբ աւելի մեղմ դատավճիռի կայացման»: Ասոր դիմաց Հայրապետեան անկէ դրամական միջոցներ ստացած է՝ 700 հազար տոլարի չափ: Իրականութեան մէջ Հայրապետեան հնարաւորութիւն չէ ունեցած ազդելու տուեալ դատավճիռին վրայ:

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Հայրապետեան ձերբակալուած է 2014ի Յուլիսին, Ռուսիոյ նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեսդեւի խոստովանական ցուցմունքներէն յետոյ, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է՝ շարք մը ծանր  յանցագործութիւններ կատարելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին