Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Միջին Արեւելքի Արդարութիւն

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

  • Մենք այս հողատարածքին վրայ դարեր շարունակ ապրած ենք եղբայրաբար եւ համերաշխութեամբ:
  • Միջին Արեւելքը աշխարհի միակ հողատարածքն է, ուր կարելի է գտնել մզկիթն ու եկեղեցին քով-քովի:

Անշուշտ լսած էք նման լոզունգներ: Ճշմարիտ խօսքեր փոքր վրիպակներով:

  • Դարեր շարունակ միասին ապրած ենք ՝ այո:

Դարեր շարունակ միասին եղբայրաբար եւ համերաշխութեամբ ապրած ենք ՝ ոչ:

  • Մզկիթն ու եկեղեցին քով-քովի կը գտնենք ՝ այո: Սակայն ո՞ր մէկը առաջ կառուցուած է եւ ո՞ր մէկը ետքը շինուած, առաջինին նեղութիւն տալու նպատակով, կռահելը ձեզի կը թողում:

Որպէսզի քաղաքականօրէն ճշգրիտ ըլլանք (Politically correct) «համերաշխութիւն», «եղբայրասիրութիւն», «կենակցութիւն կամ գոյակցութիւն» եւ ասոնց նման այլ արտայայտութիւններ կը գործածենք, սակայն այս ընելով դիտումնաւոր կերպով զանց կ’առնենք շարք մը պատմական իրականութիւններ:

Ներկայի Միջին Արեւելք կոչուած հողատարածքը, առաւել ասիական կարգ մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի հիւսիսային շրջաններ, քրիստոնէութեան ծնունդով եւ տարածումով, բոլորն ալ ընդունեցին իրենց եկող աստուածային քրիստոնէական սիրոյ պատգամը: Յատկանշական է յիշել, որ այս երկիրներու բնիկ ժողովուրդները քրիստոնէութիւնը ընդունելով իրենց ինքնութեան պատկանելութիւնը չկորսնցուցին: Այլ խօսքով, քրիստոնէութիւնը իր մէջ չներլուծեց զանոնք, անոնց տալով այլ ինքնութիւն մը կամ ուրիշ անուն: Միջին Արեւելքի ասորի ժողովուրդը շարունակեց խօսիլ իր լեզուն եւ պահեց իր գիրը: Անոնք քրիստոնէութիւնը ընդունելով առաւել զարգացուցին եւ թափ տուին իրենց մշակոյթին: Ափրիկեան Եգիպտոսի ղպտիները շարունակեցին խօսիլ իրենց լեզուն եւ պահեցին իրենց գիրը, անոնք քրիստոնէութիւնը ընդունելով լոյս դարձան այդ ժամանակաշրջանի քրիստոնեայ աշխարհին, Աղեքսանդրիոյ մէջ հիմնելով քրիստոնէական աստուածաբանութեան ամենամեծ երկու դպրոցներէն մին: Առ ի տեղեկութիւն յիշենք, որ ընդհանրական եկեղեցւոյ, ներառեալ հայկականին, հաւատոյ հանգանակի կազմաւորումը կը պարտինք ղպտի սարկաւագ, ետքը հայրապետ Ս. Աթանասի: Ս. Օգոստինոս՝ եկեղեցւոյ սիւներէն մին, ներկայի Ալճերիա կոչուած շրջանէն էր: Նոյնպէս Ս. Կիպրիանոս, որու աղօթագիրքը ծանօթ է հայուն, Ափրիկէի ցամաքամասէն էր:

Է դարու կիսուն արաբական թերակղզիէն նոր կրօնք մը ծնունդ առաւ: Այս կրօնը իր մէջ կը ներփակէր արաբերէն լեզուն, անապատի պետեւի ժողովուրդի մտածելակերպն ու ապրելակերպը. այլ խօսքով անապատաբնակ ժողովուրդի մը կենցաղակերպի բոլոր տարրերը: Այս կրօնն ալ իր կարգին տարածուեցաւ, բայց տարբեր միջոցներով քան քրիստոնէութեան տարածումը: Ան գրաւեց Միջին Արեւելքը, միջին եւ հիւսիսային ափրիկեան երկիրներ եւ ասիական հողատարածքներ հասնելով մինչեւ Եւրոպայի սեմը: Եւրոպական կարգ մը երկիրներ կրցան իրենցմէ հեռացնել անոր բռնագրաւման լուծը, սակայն անոնք որոնք մնացին անոր լուծին տակ, կորսնցուցին իրենց ինքնութիւնը եւ ի վերջոյ բնիկ ժողովուրդները դարձան փոքրամասնութիւններ: Ներկայիս այս տիրապետութեան տակ գտնուող երկիրները կը կռչուին «արաբ» երկիրներ՝ արաբական թերակղզիէն եկող ժողովուրդի անունով. իսկ Փոքր Ասիան ՝ Թուրքիա…:

Մինչեւ այսօր վերոյիշեալ շրջաններու ժողովուրդներու ինքնութիւնը կործանելու ոճիրը կը շարունակուի: Մերթ սպանութեամբ եւ բռնի գաղթականութեամբ եւ մերթ մշակոյթի կործանումով: Անոնց թիւը կը նուազի եւ շքեղ մշակոյթը կը նօսրանայ: Մշակոյթը կործանելու որդեգրուած ձեւերէն մէկը պատմութեան աղաւաղումն է: Արաբական երկիրներու պատմութեան դասագիրքերու մէջ կը դասաւանդուի, թէ նախքան արաբական կրօնի մուտքը, այս երկիրներու ժողովուրդները տգիտութեան եւ խաւարի մէջ կը խարխափէին, որոնց վրայ անապատի լոյսը ծագելով լուսաւորուեցան: Եւ ասոր նման շարք մը այլ աղաւաղումներ: Լիբանանի պարագային դրական կէտերէն մէկը այն է, թէ մինչեւ այսօր միացեալ պատմութեան գիրք չկայ:

Միջին Արեւելքի բնիկ ժողովուրդներու ղեկավարները, երբ «համերաշխութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ ապրած ենք եւ պիտի ապրինք»ի մասին կը խօսին, անոնք պարզապէս կը փորձեն իրենցմէ հեռացնել անմիջական եւ հորիզոնի վրայ երեւցող վտանգն ու կործանումը: Անոնց մտածելակերպը հետեւեալն է՝ խաղաղութիւնը պահենք կեղծիքով, մինչեւ որ փորձանքը մեր վրայէն հեռանայ եւ գալիք սերունդին վիզին փաթթուի: Չեմ գիտեր ինչպէս սահմանել այս մտածելակերպը: Կարելի չէ սուտով ճշմարտութիւն եւ կեղծիքով արդարութիւն ու խաղաղութիւն հիմնել: Պատմութիւնը պիտի չփոխուի, այս է ճշմարտութիւնը: Եղածը եղած է եւ մենք հիմա հոս ենք: Այս շրջանին մէջ արդարութիւն ու խաղաղութիւն ստեղծելու եւ պահելու համար, պէտք է իրականութիւնները իրենց անուններով կոչուին: Վերջ տրուի դարերէ եկած զանազան ձեւի ջարդերու: Փոխադարձ յարգանք ըլլայ կողմերու միջեւ իսկ ամենակարեւորը՝ ապրելու եւ ճակատագիր որոշելու իրաւունք:

Սիրելի ղեկավարներ՝ այս ծանր լուծը ձեր վրայէն յաջորդ սերունդի վիզին մի դնէք: Ե՞րբ իրաւունք պաշտպանելը ոճիր եղած է, որ այդքան կը վախնաք: Պարտաւորուած ենք ապրելու այս շրջանին մէջ համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ, բայց առանց կեղծիքի եւ խաբէութեան: Յարգանքը չի տրուիր այլ կը պարտադրուի: Յարգանքի տէր մարդիկ եղէք, որպէսզի ձեր եւ ձեր ժողովուրդներուն իրաւոնքները պաշտպանէք ու անոնց մնալու եւ գոյատեւելու պատճառն ու միջոցը ապահովէք:

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին