Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Հալէպի Կրթական Տնօրէնին Այցելութիւնը Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան

Երեքշաբթի 12 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան այցելեց Հալէպի Կրթական Տնօրէն Տիար Իպրահիմ Մասօ, ընկերակցութեամբ կրթական փոխ տնօրէն Տիար Ապտուլ Խալէգ Զուղէյրիի եւ սեփական ուսումնառութեան տնօրէն Տիար Մուսթաֆա Քատիրիի:

Տիար Իպրահիմ Մասօ, վարժարանի տնօրէն Տիար Անդրանիկ Պօղոսեանի, պետական տնօրէն Տիար Ապտուլ Համիտ Ալ Հարիրիի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վաչէ Տիշոյեանի հետ շրջեցաւ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի քննութեան սրահները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշակերտներուն ուսումնական վիճակով եւ քաջալերելով զանոնք յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ վարժարանիս տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հետ, շնորհաւորական մաղթանքներ ուղղեց Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առիթներով ու մեծապէս գնահատեց տարուած օրինաւոր եւ բծախնդիր աշխատանքը: Ապա կրթական Տնօրէնը այցելեց Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզ, ուր դիմաւորուեցաւ փոքրիկներու անուշ երգեցողութեամբ, ծափողջիւններով եւ ծաղկեփունջով՝ ամենափոքրիկ երախայի ձեռամբ: Ան իր գնահատական եւ քաջալերանքի խօսքերով լաւագոյնը մաղթեց մանկապարտէզին:

Աւարտին վարժարանի տնօրէն Տիար Անդրանիկ Պօղոսեան, իր երախտագիտական ջերմ զգացումները յայտնեց կրթական տնօրէնին եւ անոր ընկերակցողներուն:

Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւն
                                                                 Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին