Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Ազգային Արխիւը Փաստաթուղթեր Պիտի Հրապարակէ Թուրքիոյ Հայկական Վանքերու Կալուածներուն Մասին

Հայաստանի Ազգային արխիւը կը նախատեսէ հրապարակել՝ Թուրքիոյ հայկական վանքերու կալուածներուն մասին փաստաթուղթեր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ժամանակ, տեղեկացուցած է Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:

«Այսօր շատ կը խօսուի Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներու կալուածներու մասին: Գիտենք, որ Սիսի կաթողիկոսարանը կալուածները վերադարձնելու նպատակով դատական գործընթացի մէջ է: 2016 թուականին կը հրապարակուի գիրք մը, ուր կը ներկայացուի Թուրքիոյ մէջ առկայ բոլոր վանքերու կալուածներու մասին տեղեկատուութիւն: Ան բաւական արժէքաւոր տեղեկատուութիւն է: Մենք պիտի ներկայացնենք նոյնինքն թրքական իշխանութիւններու կողմէ տրուած փաստաթուղթերը` օսմաներէնով գրուած», ըսած է­ Ամատունի Վիրապեան: Այդ գիրքը պիտի ըլլայ հայերէն եւ օսմաներէն:

Ամատունի Վիրապեան տեղեկացուցած է, որ իրենք կ՛աշխատին ու կը համագործակցին այլ երկիրներու Ազգային արխիւներու հետ: Կ՛աշխատին Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Իրանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Սերպիոյ, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու Ազգային արխիւներու հետ: Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան արդիւնքով՝ այս տարի պիտի հրատարակուի «Կովկասեան ռազմաճակատ.1914­ 1918 թթ.» ժողովածուն, որ պիտի ներառէ տարածաշրջանի բնակչութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր: Գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն ռազմական հետազախուզութեան նիւթեր, որոնք կը պատմեն թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններուն մասին, թէ ինչպէս հայերը արտաքսած են, ոչնչացուցած, ճանապարհերուն վրայ հայերուն դէմ յարձակումներ կազմակերպած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին