Կիրակի, 29. 06. 2025

spot_img

Հերոսներուն Կանչը. «Սեֆերպերլիք»…

 ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պէյրութ քաղաքը քաղաքացիական պատերազմէն առաջ` 1975-ին, ունէր իւրայատուկ ջերմութիւն մը, որ անոր կու տար  իւրայատուկ դրոշմ ու կենցաղ, որ կու գար համալրելու անոր մշակութային դիմագիծը: Այդ առանցքին Պէյրութի Պուրճի հրապարակը մէկ կարեւոր փայլքն էր այս ապրող ջերմութեան: Հոն տարբեր մարդիկ ու երեւոյթներ քով-քովի կու գային: Թէեւ իրարանցում է, սակայն` եռուն կեանք, որ յաւելեալ փայլք կու տայ Պէյրութի մշակութային իւրայատուկ դիմագիծին:

cinema roxy

s-l300

Պուրճի հրապարակի ու անոր կեդրոնի շարժապատկերի սրահները, կը կազմէին մէկ անբաժան մասնիկը Պէյրութի այս ապրող մշակոյթին: Ոչ մէկ ձեւով կարելի է բաղդատել շարժապատկերի սրահներ «Ամփիր»ը, «Ռոքսի»ն, «Տիւնեա»ն, «Ռատիօ Սիթի»ն եւ այլն, ներկայ օրերու գերարդիական ու հանգստաւէտ սրահներուն հետ: Աթոռներէն սկսեալ մինչեւ լուսաւորումն ու ժապաւէնի ցուցադրութեան ատեն զովացուցիչ ծախողները… «կազոզ եա՛ շապապ»: Եւ քիչ ետք խմուած պարապ շիշերուն գլորումը սրահին մէկ ծայրէն միւսը` դիտուած ժապաւէններուն կու տային յաւելեալ փայլք մը:

1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան էր: «Սինեմա Ռոքսի»ի մէջ սկսաւ սփռուիլ լիբանանեան պատրաստութեամբ «Սեֆերպերլիք» ժապաւէնը, որ այդ օրերու համար իւրայատուկ եւ գրեթէ եզակի իրականութիւն էր: Եթէ մէկ կողմէ կար Ֆէյրուզի նման համբաւ վաստակած երգչուհին, բայց նաեւ անոր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի շարժապատկերի ու պատկերասփիւռի ծանօթ գրեթէ բոլոր դերասան-դերասանուհիները: Եւ այդ փաղանգին վրայ կու գար աւելնալու լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեանը:

feirouz

«Սեֆերպերլիք» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը ստացաւ գերազանց ժողովրդականութիւն: Երկար շաբաթներու վրայ ցուցադրուեցաւ եւ դարձաւ այդ օրերու ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը շարժող շարժապատկեր: Եթէ մէկ կողմէ լիբանանեան շարժապատկերի արուեստի եզակի եւ քաջարի նախաձեռնութիւն էր այդ օրերու տարողութեամբ, բայց կային նաեւ անոր նիւթը եւ պատմութիւնը: Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ Լիբանանի ապրած դժուար եւ ծանր ու ճգնաժամային օրերը, անոնց ընդմէջէն լիբանանցիին քաջարի դիմադրողականութիւնը: «Սեֆերպերլիք ժապաւէնը մեր հայ պատանիներուն սիրտին ու հոգիին մէջ նաեւ դրաւ զօրաւոր «կայծ» մը: Վերջապէս կար թրքական բռնատիրական գործօնը եւ այդ հայկական մեր պատանեկան տաքարիւն հոգիներուն համար եղաւ նոյնքան «գրգռող» կացութիւն: Տակաւին կար աւելին, որովհետեւ մեր պատանեկան  տրամաբանութեամբ չէինք կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս Պերճ Ֆազլեան հայը կրնայ ստանձնել թուրք սպայ Ռաֆաթ պէյի կերպարը: Եւ այդ ալ` լաւ խաղարկութեամբ: Բայց պիտի սորվէինք, թէ շարժապատկերի արուեստը տարբեր բան է իրական կեանքէն:

Բայց նախ` «Սեֆերպերլիք»ի բնութագրումը:

«Սեֆերպերլիք»ը օսմանեան կառավարութեան ստեղծած-հրահանգած «պարտադիր» զօրակոչն էր` տղամարդոց համար, երբ կայսրութիւնը քսաներորդ դարուն սկիզբը ներգրաւուած էր Պալքանեան` 1912-1913 եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ` 1914-1918 տարիներուն: Եւ Օսմանեան կայսրութեան համար «Սեֆերպերլիք»ը դարձաւ պատերազմի տարիներուն համար գործածուած նշանաբան. իսկ ան, որ կը համարձակէր դրժել «Սեֆերպերլիք»ի նշանաբանը եւ անոր հրահանգը, կ՛ենթարկուէր հետապնդումի եւ կալանքի, նոյնիսկ աքսորի: Այս իմաստով «Սեֆերպերլիք»ը ստացաւ եւ գործածուեցաւ նաեւ տարբեր բնութագրումներով:

Սալեհ Մուրշետ արաբ պատմաբան-օսմանագէտը, «Սեֆերպերլիք»ի բացատրութիւնը կը ներկայացնէ ոչ թէ իր բառացի իմաստով, այլ անոր քաղաքականացած միտք բանին ու կիրարկումը: Ան «Սեֆերպերլիք»ը որակած է որպէս հաւաքական տեղահանում, աքսոր, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Եւ այս իմաստով նաեւ պէտք է հասկնալ եւ բացատրել ապրուած փորձառութիւններու մէջէն վկայութիւնները, թէ ինչպէ՛ս հաւաքականութիւններ բռնի տեղահանուած են ու անհետ կորած:

Հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի յուշագրութիւններու մէջ ալ կան «Սեֆերպերլիք»ի ապրուած փորձառութիւնները: «2 Օգոստոս 1914: Հասան պէյլի համազգեստով մարդիկ կը տողանցէին մայրուղիի վրայ, լերան լանջին: Տնեցիները կը փսփսան խորհրդաւոր բառ մը, որ երբեք չկրցայ մոռնալ ողջ կեանքիս ընթացքին՝ «Սեֆերպերլիք»:

 

Եւ դարձեալ պատանեկան հոգիիս մէջ դրոշմուած այդ օրերու դիտած ժապաւէնիս պատկերներէն: Լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը: Օսմանեան բանակին պարտադրած շրջափակումը` արգիլելով ցորենի մատակարարումը: Ժողովուրդին անօթութիւնն ու տեղահանութիւնը: Աշխատանքային ճամբարները: Ու փախչող լիբանանցի երիտասարդներու սպանութիւնը: «Սեֆերպերլիք»ը կը ներկայացուէր իր իսկական ապրուած բնութագրումով: Բայց կար նաեւ այդ վիճակին մէջ ժողովուրդին ապրելու վճռակամութիւնը: Երիտասարդ-երիտասարդուհիին սէրը, զիրար գօտեպնդելու եւ իրարու աջակցիլն ու տակաւին հողին կապուածութիւնը: Եւ այս բոլոր զգացումներուն մէջէն դուրս կը ժայթքէին դիմադրութիւնը, թուրքին դէմ կռիւն ու պայքարը: Ժապաւէնը մէկ իրադարձութիւնը միւսին շաղկապելով, շատ պարզ ու սահուն ընթացքով կը տանէր մեզ դէպի պատմութեան տարբեր հոլովոյթները: Մենք` հանդիսատեսներս, կը դիտէինք ո՛չ միայն ժապաւէնը, այլ ապրուած իրական պատմութիւնը եւ կեանքը, որոնց ընդմէջէն աւելի կը սիրէինք Լիբանանը ու ամուր կը կառչէինք իրաւունքին եւ ազատութեան:

Ու դարձեալ` հօրեղբօրս յուշերուն մէջէն:

«1918: Զօրավար Ալենպիի բանակը գրաւած էր Հալէպը: Թուրքն ու գերմանացին վտարուած էին: Յանկարծ կայծակնային լուրը տարածուեցաւ քաղաքին մէջ: Իրենց լեռներէն իջած եւ Հալէպ հասած էին Արամ պէյ Չոլագեանը եւ Թոփալ Յակոբին գլխաւորած քաջարի մարտիկներու խումբը` մօտ երեսուն հոգի: Գացի դիտելու հայ զինուորները: Չորս տարուան նուաստացուցիչ երեւոյթներէ ետք, հոգեպարար անզուգական տեսարան մըն էր։ Իւրաքանչիւր քաջարի զինեալը: Կ՛ուռեցնէին ընկճուած հայու կուրծքը: Տեղացիներ, որոնք հայը տեսած էին որպէս տարագիր, կու գային ապշահար դիտելու դիւցազնական այս երեւոյթը: Հայ լուսանկարիչներ շտապեցին զանոնք նկարել: Այդ նկարներէն շատեր կորած են այժմ: Բայց անկորնչելի միակ այս պատկերը պիտի մնար արձանագրուած մանկունակ հոգւոյս մէջ»:

Եւ «Սեֆերպերլիք» ժապաւէնին մէջ կար նաեւ հիմնական պատկեր մը, որ պիտի մնար նաեւ արձանագրուած պատանեկան հոգւոյս մէջ: Լիբանանցի քաջ մարտիկները, հերոսական պայքարէ ետք, ստիպուած էին ծովու ճամբով լքել երկիրը որոշ ժամանակի մը համար: Ապտոն նաւուն մէջէն բարձրաձայն կը կանչէ զինք հեռուէն դիտող նշանածին. «Մատանին ամուր պահէ քու մատիդ վրայ: Դուն մնա՛ հոս: Ես կ՛երթամ հիմա, բայց շուտով պիտի վերադառնամ: Այս մեր հողն է, եւ մենք հոս պիտի ապրինք մեր ազատութեան մէջ»:

2015 տարին եղաւ «լեցուն»: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները մեր հոգիներուն մէջ արձանագրեցին անկորնչելի «պատկերներ»: Պատկերներ, որոնք եթէ երէկ ապրուած իրական կեանքեր էին, բայց այսօր դարձեալ վերապրեցան: Կեանքեր, որոնք կերտուած էին (ու տակաւին շարունակուող) մէկ կողմէ նահատակութեամբ, բայց նաեւ` հերոսներու քաջարի դիմադրողականութեամբ: Եւ այդ բոլոր հերոսները, նահատակ թէ քաջամարտիկ, տեսանելի թէ ոչ` պատկերով եւ կամ այլ, այսօր տակաւին հեռուէն բարձրաձայն կը կանչեն մեզ, կը բաժնեն իրենց սէրը մեզի հետ եւ` հողին. «Այս մեր հողն է, եւ մենք հոս պիտի ապրինք»:

Եթէ այս տարի մեր նահատակները եւ հերոսները կը յիշենք, նաեւ յառաջիկային պիտի շարունակենք յիշել, եթէ պահանջեցինք, պիտի շարունակենք պահանջել, որովհետեւ «Յիշել ու պահանջել»ը ժամկէտի սահմանափակում չունի, որովհետեւ «Յիշել ու պահանջել»ը հայուն «Սեֆերպերլիք»ն է, ոչ թէ բռնի տեղահանութեան, այլ ինքնութեան զօրակոչի, հայուն կեանքին, իրաւունքին եւ հողին:

Հերոսներուն կանչը, հայուն «Սեֆերպերլիք»ը, հարիւրամեակ ու տակաւին, նոր եւ նորոգուող մարտահրաւէր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին