Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Կոմիտաս Վարդապետին Նուիրուած Երեկոյ Աւստրիոյ ՀՀ Դեսպանութեան «Հայաստան» Մշակութային Կեդրոնի Մէջ

Դեկտեմբեր 17-ին Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան «Հայաստան» մշակութային կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Աւստրիա-Հայկական մշակութային ընկերութեան կազմակերպած երեկոն նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը  բերած էին խոստումնալից հայ արուեստագէտներ` երգչուհի Աստղիկ Խանամիրեան եւ դաշնակահարուհի Անի Սարիբէկեան: Որպէս բանախօս երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Աւստրիա-Հայկական մշակութային ընկերութեան նախագահ Ռազմիկ Թամրազեան, որ ներկայացուց դրուագներ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն եւ անոր ստեղծագործական անհարթ ուղին:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրիա-Հայկական մշակութային ընկերութեան` տարիներ շարունակ Աւստրիոյ մէջ հայկական մշակոյթը քարոզելու, երկու երկիրներու միջեւ քաղաքակրթական կամուրջներ հաստատելու համար: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց երեկոյի կազմակերպման եւ արուեստագէտներու ելոյթներու կապակցութեամբ ու երեկոյթին ներկայ մշակոյթի գործիչներուն յորդորեց Հայաստան մեկնելու ընթացքին այցելել՝ Երեւանի պանթէոնի հարեւանութեամբ գտնուող Կոմիտաս Վարդապետի նորաբաց թանգարանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին